Jump to content

Գոհար Մելիքեան

Գոհար Մելիքեան
Ծննդավայր Պէյրութ

Գոհար Մելիքեան, ծնած է Պէյրութ:

Աւարտած է Սահակեան ազգային նաթակրթարանը, դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Ամերիկեան Գոլէճը:

Պաշտօնավարած է Դարոգհի Յակոբեան վրժ. մէջ, դասաւանդելով հայերէն լեզու եւ ուսողութիւն։ Հայերէն դասաւանդած է նաեւ Պէյրութի Գոլէժ Փրոսփեսեան-ի մէջ։

1947 թուականին կ՛ամուսնանայ գրագէտ Զարեհ Մելքոնեանի հետ։

Մէջ ընդ մէջ կը հետեւի գրականութեան եւ արուեստի համալսարանական դասընթացքներու, թէ Պէյրութ եւ թէ, յետագային՝ Միացեալ Նահանգներ:

1968 թուականին կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ ու կը հաստատուին Տիթրոյթ:

Աշխատակցած է Պէյրութի «Ծիածան» գրական ամսագրին. մաս կազմած է անոր խմբագրական մարմնին։ Աշխատակցած է Պոսթոնի «Պայքար» տարեգիրքին։ խմբագրութիւնը վարած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ամերիկայի Սանուց Միութեան «Ծիածան» տարեգիրքին: Ունեցած է գործօն դերեր ազգային կազմակերպութիւններու մէջ։

Ներկայիս կը բնակի Գալիֆորնիոյ Ֆրիմոն քաղաքը։

«Պայքար» տարեգիրքերուն մէջ ստորագրած է գողտրիկ պատմուածքներու շարք մը, իրական կեանքէ առնուած, եւ գրուած իւրայատուկ ոճով[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։