Jump to content

Գնդաթի

Գնդաթի, մարզական սարք մը, որ կ'օգտագործուի թենիսի, սեղանի թենիսի եւ որոշ այլ ոչ շատ տարածուած խաղերու մէջ[1]։

1874-ին Լոնտոնի մէջ գործածուած են գնդաթիերը, որոնք աւելի ուշ վաճառուած են Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Քանատայի մէջ[2]:

Գնդաթին բաղկացած է բռնակէ եւ հարուածող մակերեւոյթէ։ Փոքր մակերեսով հարուածող մակերեւոյթը կրնայ ամբողջական ըլլալ, օրինակ սեղանի թենիսի գնդաթին, իսկ մեծ մակերեսի պարագային, դիմադրութիւնը փոքրացնելու համար կ'օգտագործեն լարեր, ինչպէս թենիսի գնդաթին։ Այս պարագային լարերը կ'երկարին հաւկթաձեւ եզերքին, որ կը կոչուի գնդաթիի գլխիկ։

Նախապէս գնդաթիերը կը պատրաստուէին փայտէ, իսկ իբրեւ լարեր կ'օգտագործուէին ընտանի անասուններու աղիքները եւ ջիղերը։ Այսօր գնդաթիերը կը պատրաստուին թեթեւ մետաղներու հալոյթներէ, իսկ լարերուն պատրաստման համար կ'օգտագործուին կերպընկալ (նէյլոն) կամ այլ նիւթեր։ Գնդաթիերու բռնակները փաթթուած են յատուկ կտորով, որ կը նուազեցնէ գնդաթիին՝ մարզիկին ձեռքէն սահելու հաւանականութիւնը։

Սեղանի թենիսի (Փինկ-փոնկի) գնդաթիերը կը պատրաստուին երկու կողմէն ծածկուած յատուկ ռետինով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]