Jump to content

Գիւղտնտես

«Գիւղատնտես», պատկերազարդ շաբաթաթերթ (1913-էն՝ երկշաբաթաթերթ)։ Թիֆլիսի Հայ գիւղատնտեսական ու տնայնագործական ընկերութեան հրատարակութիւն (1914-էն)։ Լոյս տեսած է 1909-ին Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր հրատարակիչներ՝ Ա․ Աթանասեան, Ա․ Մահակեան։

Հանդէսը տպագրած է յօդուածներ այգեգործութեան, անասնապահութեան, բամբակագործութեան, մեղուաբուծութեան, շերամապահութեան, գիւղատնտեսական մեքենաներու, տնկիներու ու սերմերու մասին, աջակցած գիւղատնտեսական դասընթացներուն, հրատարակած «Գիւղատնտեսի գրադարան» մատենաշարը։

Հրապարակած է վիճակագրական տուեալներ (1913) Անդրկովկասի մէջ գործող ձեռնարկութիւններու մասին, կազմակերպած գիւղատնտեսական ապրանքներու եւ ձեռարուեստու նմուշներու թանգարան (1909)։ Հանդէսին կից հրատարակուած է «Նոր առող–ջապահիկ» երկշաբաթաթերթը (1912-էն)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։