Գիւլիստանի Բերդը
Գիւլիստանի Բերդը | |
---|---|
Տեսակ | Բերդ |
Երկիր | Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Շահումեանի շրջան |
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 790: Tried to write global coord_mod. |
Գիւլիստանի Բերդ, նաեւ Գիւլիստան, Գիւլստան, Գիւլստանի բերդ, Գիւլուստան, Զէյվա Կիւլիսթան, Կիւլիստան, Կիւլստան, Կուլիստան, Շաւաղ, Ջւանշիր, պատմական բերդ-ամրոց՝ Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանին մէջ` պատմական Արցախ նահանգի Խաչէն գաւառին մէջ, Մռաւի լեռնաշղթային հիւսիսային կողմը, Ինջաչայ գետակին աջ ափին, Գիւլիստան (այժմ՝ Գիուլուստան) գիւղէն 3 քմ. հեռաւորութեամբ, խոր ձորէն բարձրացող սեպաձեւ, հսկայական ժայռաբլուրի վրայ, Ինջա գետակի աջ ափին, Մռաւ լերան հանդիպակաց հսկայական սեպաձեւ քարաժայռէն կազմուած բլուրին վրայ։
Անտառապատ, սեպաձեւ ժայռի գագաթին թառած բերդը արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ մասամբ արեւելքէն շրջապատուած է Ինջա գետով եւ թերակղզիի տեսք ունի: Երկարութիւնը 240 մեթր է, լայնքը` 20¬էն մինչեւ 30 մեթր: Բնական պաշտպանական յարմարութիւններով օժտուած բերդը բարձր բուրգերով եւ հարաւային կողմէն ալ կրկնակի բերդապարիսպով ամրացուած է եւ ժայռը դարձած է անառիկ ամրոց: Պարիսպի հաստութիւնը 80-էն 150 սանթիմեթր է: Բերդը ունի երկու մուտք` հարաւային եւ հիւսիսային: Գլխաւորը հարաւային մուտքն է: Գետնափոր գաղտնուղին հիւսիս-արեւմտեան կողմէն քողարկուած է անտառախիտ լանջով եւ կը հասնի մինչեւ գետ:
Պարիսպէն ներս կը գտնուին ապարանքներ, բնակելի շէնքեր եւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ բաղնիք:
Բերդին միջնաբերդ ապարանքը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, ժայռի եզրին, բարձրադիր նեղ դարաւանդի վրայ եւ կ՛երկարի արեւելքէն արեւմուտք: Պատերուն կից ուղղանկիւն դահլիճներ են, կապուած` միջանցքով: Միջին սենեակը աւելի բարձր է եւ ունի գետնայարկ թաքստոց: Ապարանքին բաղկացուցիչ մաս կը կազմէ աջ կողմը կցուած գլխատունը, որ ամրացուած է բուրգով: Բուրգը, իր կրկնակի կամարամուտքով, ապահով կապ է դուրսի հետ: Ապարանքը ունի պատուհաններ եւ արեւելեան կողմը` օճախ-բուխերիկ, զոյգ պահարանախորշերով:
Փոքր ապարանքը կը գտնուի հարաւային լանջի ստորոտին, դէպի հարաւային մուտքը տանող ճանապարհին: Անիկա ուղղանկիւն յատակագիծով քառաբուրգ կառոյց է, բաղկացած` բակէ եւ արեւելեան կողմէն պարիսպին երկայնքով կառուցուած երեք բաժիններէ:
Մելիք Բեգլարեաններու տոհմական կեդրոն բերդը, խիստ զառիթափ լանջերով բարձունքին, եւ տեղ-տեղ ժայռերուն հետ ձուլուած իր պարիսպներով, անառիկ էր: Հրացանի օգտագործման համար, պարիսպապատերուն վրայ, տարբեր տեղեր, բարձրութեան վրայ անցքեր ձգուած են: Կան զօրանոցներ, զինանոցներ, պահեստանոցներ եւ ջրաւազան[1]:
Գիւլիստան պարսկերէն կը նշանակէ «վարդերու պարտէզ»: Գիւղի բարձունքներուն, Մռաւ լերան փէշերուն կը գտնուի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, որ տեղացիներուն յայտնի է Նապատ անունով, եւ որ ժամանակին հաւանաբար կոչուած է Հնապատ կամ Անապատ: Յիշենք նաեւ Գիւլիստանի կամուրջը` Ինջա գետին վրայ[2]: