Jump to content

Գէորգ Յաբեթեան

Գէորգ Յաբեթեան
Ծնած է 1916
Ծննդավայր Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Օգոստոս 1980(1980-08-02)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Անդամութիւն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Գէորգ Յաբեթեան (1916, Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Օգոստոս 1980(1980-08-02), Աթէնք, Յունաստան), Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­իր անդամ[1]։

Ծնած է Իզմիր, 1916-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գարաթաշի Վարդանեան վարժարանը։ 1904-ին յաճախած է Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը, ուր հետեւած է մարմնամարզի։

1910-ին, Իզմիրի յունական «Բելոբա» մարզական միութեան կողմէ կազմակերպուած Ողիմպիականին, մէկ քայլ ոստումին կը հանդիսանայ երկրորդ։ Իսկ 1911-ին, հայկական Ա. Ողիմպիականին կը տիրանայ նոյն մրցումին առաջնութեան տիտղոսին։

1912-ին Պոլսոյ մէջ կը մասնակցի հայկական Բ. Ողիմպիականին եւ կը շահի հարիւր մեթր վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երեք քայլ ոստումի երկրորդութիւնը, 1 սանթիմեթր տարբերութեամբ։

1913-ին մէկ եւ երեք քայլ ոստումի մէջ առաջնութիւն կը շահի։ Իսկ 100 մեթրի մէջ՝ երկրորդութիւն։

1912-1913-ին իր խմբապետութեամբ կը կազմուի Իզմիրի հայկական խումբերէն զտուած ֆութպոլի մայր խումբ մը եւ տեղւոյն միջազգային մրցումներուն մասնակցելով կը հանդիսանայ առաջին։

1915-ին հայկական խումբը կը լուծուի եւ ան կը մաս կը կազմէ «Ալթա» ֆութպոլի խումբին, ուր մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ստանալով «Verdun» մակդիրը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը զինք կը նշանակէ խմբապետ։ Աղէտէն քանի մը օր առաջ կ'ապաստանի Աթէնք։ 1924-ին, երբ Մկրտիչ Մալումեան Աթէնք կու գայ, Յաբէթեանի հետ խորհրդակցելով Յունաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն եւ ան կը ստանձնէ ֆութպոլի եւ մարմնամարզի բաժիններու պատասխանատուութիւնը։

1937-ին կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ. պաշտօն մը, զոր երկար տարիներ կը վարէ ձեռնհասօրէն։

Կը մահանայ 2 Օգոստոս 1980-ին, Աթէնք։


Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ՈՒԹՍՈՒՆԱՄԵԱԿ - Աթէնք

Կարպիս Գույումճեանի գրիչին պատկանող յետագայ յօդուածը լոյս տեսած է Յունաստանի «Ազատ Օր» թերթին մէջ, 7 Յունուար 1999-ին


Եղբայր Գէորգ ծնած է Գարատաշ-Իզմիր 1892- ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրի նախակրթարանը: 1904-ին կը յաճախէ տեղւոյն «Մեսրոպեան» երկրորդական վարժարանը, որու աւարտին երկու տարի ալ կը յաճախէ Իզմիրի ամերիկեան գոլէճը: Փոքր տարիքէն մեծ սէր կ'ունենայ մարմնամարզի հանդէպ:

1910- էն սկսեալ եւ մինչեւ 1922, տեղւոյն «Վասպուրական» մարզական միութեան ֆութպոլի խումբի խմբապետը կ'ըլլայ: 1910-ին, Իզմիրի յունական«Փելոփս» մարզական միութեան կազմակերպած ողիմպիական խաղերուն, մէկ քայլ ոստումին 6.26 մեթրով կուգայ երկրորդ:Նոյն տարին, տեղւոյն հայ Որսորդաց ակումբի նախաձեռնութեամբ հայկական, յունական «Փանիոնիոս», «Աբոլոն» եւ անգլիական ֆութպոլի խումբի լաւագոյն խաղացողներէն կը կազմուի խառն Ա. խումբ մը, որուն առաջնահերթ խաղացողներէն մին կ'ըլլայ Գէորգ Յաբեթեանը:

1911-ին, Իզմիրի Փարատիսիի մէջ, համահայկական նաւասարդ հան խաղերուն, 100 մեթրով երկու առաջնութիւններու կը տիրանայ:

1912-ին, ֆութպոլի խառն խումբը կը մասնակցի տեղւոյն ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին մրցաշարքի խաղերուն, կը հանդիսանայ ախոյեան եւ խումբին իբրեւ խմբապետըյունաց երջանկայիշատակ Առաջնորդ Խրիսոսթոմոսի ձեռամբ կը ստանայ ֆէտերասիոնի կողմէ տրամադրուած բաժակը եւ մետալները: Յաջորդաբար իր մասնակցած ամերիկեան Ինթերնասիոնալ գոլէճի ֆութպոլի խումբի, միջեւ վարժարանային բաժակի խաղերուն առաջին հանդիսանալուն, կը պարգեւատրուի մետալով մը: 1913-ին, երեք մրցումներու համար Իզմիրի խառն Ա. խումբը կը հրաւիրուի Պոլիս: Մէկ շաբթուայ ընթացքին թրքական «Ղալաթա Սէբայ», «Ֆէնէր Պահճէ» եւ Պոլսոյ ֆութպոլի խումբերու լաւագոյն խաղացողներէն կազմուած խառն խումբի դէմ -Իզմիր-Պոլիս խաղը յատկանշող- մրցելով կ'ապահովէ լաւագոյն արդիւնքներ: Խաղերու աւարտին, Պոլսոյ բոլոր թերթերը եղբ. Գէորգ Յաբեթեանի ունեցած հմայիչ եւ վարպետ խաղարկութեան համար գնահատական արտայայտութիւններ կ'ունենան: Խումբը Իզմիր վերադարձին, Գատը Քէօյի «Իւնիւոն» դաշտին վրայ հայկական Նաւասարդեան խաղերուն, 11.3 ժամանակով 100 մեթր վազքին եւ 5.9 մեթրով ալ մէկ քայլ ոստումին առաջնութեան կը տիրանայ:

Նոյնպէս 1914-ին, հայական Նաւասարդեան եռեք քայլ ոստումին առաջին կու I՝ -գայ եւ 100 մեթր վազքին, թերի սկիզբ մը ունենալուն կու գայ երկրորդ: Յաջորդաբար Իզմիրի մէջ, միջվարժարանային բաժակի մրցումՅԱԲԵԹԵԱՆ Կարպիս Գույումճեան ներուն, ամերիկեան «Նասիոնալ» գոլէճի խումբը, եղբայր Գէորգի մասնակցութեան շնորհիւ կը տիրանայ բաժակին եւ մետալներուն: 1914-ին, պատերազմի բերումով մարզական ամէն շարժումկը դադրի:

Զինադադարէն ետք, 1918-ին, Հայ Որսորդաց ակումբի նախաձեռնութեամբ կը վերակազմուի հայկական ֆութպոլի խումբը.- Մաս կը կազմեն՝ Ա. Ֆընտգլեան, Զարեհ Մինասեան, Հայկ Տէտէյեան, Մկրտիչ Յաբեթեան, Օհան Օհանհան, Միհրան Սարգիսեան, Կարօ Շահինեան, Համբարձում Կիւտէնեան, Գէորգ Յաբեթեան (խմբապետ), Արտաշ Քէօրաճեան, Մ. Հէքիմեան եւ Խ. Ահարոնեան - այս անգամ ալ սակայն, վրայ կու գայ 1922-ի Իզմիրի ծանօթ Աղէտը եւ եղբայր Գէորգ Յաբեթեան եւ խումքի որոշ խաղացողներ կը յաջողին Յունաստան անցնիլ եւ հակառակ իրենց գաղթականական կեանքի դժուարութիւններուն, նախաձեռնութեամբ եղբ. Գէորգի, Աթէնքի մէջ հայկական առաջին ֆութպոլի խումբը կը կազմեն: 1923-ին եղբ. Գ. Յաբեթեան կ'ամուսնանայ օր. Արաքսի Փէշտիմալճեանի հետ ու կը բաղդաւորուին մանչ զաւակով մը Տիոնիկը: 1924-ին, երբ եղբ. Մկրտիչ Մամուհան Աթէնք կու գայ, եղբ. Գէորգ Յաբեթեանի հետ խորհրդակցելով, Յունաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն: Եղբայր Գէորգ Յաբեթեան իբր վարչական անդամ կը ստանձնէ նաեւ աթլեթիզմի եւ ֆութպոլի պատասխանատուութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խումբը եղբայր Գ. Յաբեթեանի խմբապետութեամբ կը մասնակցի հելլէն ֆութպոլի ֆէտէրասիոնի կազմակերպած Ա. դասակարգի պաշտօնական մրցումներուն, ուր այդ ժամանակին հազիւ տասը խումբեր միայն կը մասնակցէին: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արմէնիքի»ն կը մնայ լաւագոյն դիրքերու վրայ, նոյնիսկ 1925-ին պիտի տիրանար նաեւ Յունաստանի բաժակին: «Արմէնիքի»ն մինչեւ 1927 կը մնայ Յունաստանի Ա. դասակարգի խումբերու շարքին: Այնուհետեւ հակառակ յունահայ գաղութի նոսրացման եւ ազգային կեանքէն ներս տեղի ունեցած տարուբերումներուն Յունաստանէն ներս միակ օտարազգի մարզական միութիւն Հ.Մ.Ը.Մ., իր մարզական շարժումներով մինչեւ այսօր կը պահէ իր գոյութիւնը, մասնակցելով հելլէն մարզական ֆէտէրասիոններու կազմակերպած պաշտօնական մրցաշարքերուն: Եղբ. Գ. Յաբեթեան, անդամ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, մօտէն կը հետեւի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական շարժումներուն: 1937- ին կ ընտրուի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, պաշտօն մը որ կը վարէ ձեռնհասօրէն մինչեւ 1958, երբ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատգամաւորական ժողովը առ ի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վարդգէս Տէր Կարապետեան (մահացած), Աթէնքի մէջ կայացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համագաղութային բանակումի ծիրէն ներս (1978) «Արժանեաց» ոսկի շքանշանով կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայր Գէորգ Յաբեթեանը[2]:

Լուսանկարին կեդրոնը կը տեսնուի Հ.ՄԸՄԻ հիմնադիրներէն երէց եղբայր Տիգրան քահանայ Խոյեանը:


Ֆութպոլի խումբը - 1960-ական թուականներ



  • 1958-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ներկայացուցչական ժողովը զայն կ'ընտրէ շրջանի պատուակալ նախագահ։
  • 1978-ին ան կ'արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մարզիկ Ամսաթերթ
  • Ազգային դէմքեր պաշտօնաթերթ
  • «Ազատ Օր» պաշտօնաթերթ, 7 Յունուար 1999, Աթէնք