Jump to content

Գեղարուեստական Պատկերաւորումի Միջոցներ

Գեղարուեստական պատկերաւորումի միջոցներն են.

Համեմատութիւնը գրական պատկերաւորումի միջոց է, որ կը յենի բաղդատուող երկու երեւոյթներու կամ առարկաներու նմանութեան վրայ։ Համեմատութիւնը առաւել կ՛ընդգծէ երեւոյթի յատկանիշը, նոյն ատեն կու տայ հեղինակին վերաբերմունքը։ Կ՛ունենայ երեք անդամ՝ համեմատուող երկու կողմերը ու համեմատելի յատկանիշը։ Սովորաբար կը կապուի նման, պէս, իբրեւ, զերթ, հանց, որպէս, ինչպէս, կարծես թէ ու նման բառերով։ Օրինակ.

Հայրը ինչպէս մռայլ մի ամպ,

Աղջիկն անուշ մի լուսին…


Կան նաեւ ժխտական համեմատութիւններ՝

Դա ոչ թէ քամին է փողոցում շաչում,

Եւ ոչ էլ հրթիռը հրդեհում խաւարը,-

Իր խմբի տղերանց հետ դա հիւրանոցում

Խմում, աղմկում է խմբապետ Շաւարշը։


Զուգահեռականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զուգահեռականութիւնը դրական կամ ժխտական համեմատութեան ընդարձակ տեսակն է, ուր կը բացակային կապող բառերը։ Անոր հիմնական ձեւերէն են՝

  • Բովանդակային, երբ կը համեմատուին բովանդակութեամբ նման երկու երեւոյթներ՝
Որպէս ծաղիկն է անխօս գունատւում,

Ցուրտ շուաքի մէջ, արեւից հեռի,

Այնպէս թող սէրը մեռնի իմ սրտում,

Որ քաղցր կեանքիդ տխրանք չբերի…

- Տէրեան


  • Շարահիւսական զուգահեռականութիւնը կը կազմուի այնպիսի տողերէ, որոնք ունին շարահիսական նման կառուցուածք։ Օրինակ.
Էն որ մոլորուած նստած եմ մնում,

Ո՞ւմ հետ եմ լինում…

Էն որ հառաչում ու ախ եմ քաշում,

Էն ո՞ւմ եմ յիշում…

- Թումանեան


  • Հնչիւնային զուգահեռականութիւնը կը կազմուի տաղաչափական ձեւերու կրկնութեամբ (յարակրկնութիւն, յանգ եւլն.)։ Օրինակ.
Ամէն վայրկեան սիրով տրտում ասում եմ ես մնաս բարով,

Բորբ արեւին իմ բոց սրտում ասում եմ ես մնաս բարով…

- Տէրեան


  • Ժխտական զուգահեռականութիւնը թէեւ առերեւոյթ կը ժխտէ երկու երեւոյթներու նմանութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ զայն կը հաստատէ։ Օրինակ.
Դու չե՛ս, դու չե՛ս, հեռաւոր

Վարդենիներն են շրշում.

Ծովն է երգում լայն ու խոր

Ոսկեպայծառ մշուշում…

- Տէրեան


Այլաբանութիւնը կամ ալեկորիան գեղարուեստական պատկեր է, ուր կենդանիներու եւ բնութեան միջոցով կը նշուի ընկերային կեանքի փոխաբերական նկարագիրը։ Օրինակ, հայ մանրանկարչութեան ու ճարտարապետութեան մէջ նուռը ու խաղողը այլաբանօրէն կ՛արտայայտեն հայ մարդու ստեղծագործ ոգին ու կենսասիրութիւնը, սոխակն ու վարդը աշուղական քերթողութեան մէջ կը խորհրդանշեն սիրոյ այլաբանութիւնը։ Առակները մեծ մասամբ կառուցուած են այլաբանական պատկերներով, ուր կենդանիները կը մարմնաւորեն մարդկային յատկանիշեր՝ առաւելութիւն կամ թերութիւն, ինչպէս՝ շունը՝ հաւատարմութիւն, գայլը՝ ագահութիւն, արջը՝ կոշտութիւն, աղուէսը՝ խորամանկութիւն եւ այլն։

Այլաբերութիւնը եւս լեզուական պատկերաւորումի միջոց մըն է, ուր բառը կը գործածուի ոչ թէ իր բառարանային իմաստով, այլ տուեալ տողերուն մէջ կ՛առնէ այլ իմաստ։ Օրինակ, երբ Թումանեան կ՛ըսէ. «Հայոց վիշտը անհուն մի ծով, խաւար մի ծով ահագին», հոս «ծով» բառը այլաբերութիւն է, ուր կ՛ակնարկուի ծովուն խորութեան։ Տէրեանի «Երեկոն փռեց իր թեւերը մութ» տողին մէջ «թեւերը» այլաբերութիւն է։ Կամ Դուրեանի «Մի՞թէ հայելւոյդ մէջ անձկաւ գեղուհի մը նայեցաւ» պատկերին մէջ «հայելին» կ՛ակնարկէ լիճին հարթ մակերեսը։ Առօրեայ մեր խօսքի մէջ շատ են այլաբերութիւններ, ինչպէս՝ ժամանակը կը թռչի, խօսքի հեղեղ, ծաղիկ հասակ, խելքի ծով, գեղեցկութիւնը թոռմեցաւ եւ այլն։ Բառ մը, իր բառարանային իմաստը կորսնցնելով, այլաբերութիւն կրնայ ըլլալ միայն որոշ թէքսթի մէջ։

Փոխաբերութիւն կամ մետաֆորը այլաբերութեան երկու տեսակներէն մին է (երկրորդը՝ փոխանունութիւն), ուր այլաբերութիւնը կը յենի երկու առարկաներու կամ երեւոյթներու նմանութեան վրայ։ Գրողը անոնցմէ մէկուն անունը կը փոխարինէ միւսով, հասկնալով առաջինը։ Օրինակ, Դուրեանի «Մի՞թէ հայելւոյդ մէջ անձկաւ գեղուհի մը նայեցաւ» տողին մէջ «հայելին» փոխարինած է լիճին հարթ մակերեսը գաղափարին։ Փոխաբերութիւնը համեմատութենէն կը տարբերի. համեմատութեան մէջ համեմատուող երկու երեւոյթները կը նշուին, իսկ փոխաբերութեան մէջ համեմատուող անդամը բացակայ է։ Օրինակ.

Հայրը ինչպէս մռայլ մի ամպ,

Աղջիկն անուշ մի լուսին,

Ամպ ու լուսին իրար փարուած՝

Դուրս են գալիս միասին։


Հոս առաջին երկու տողերը համեմատութիւն են (հայր- ամպ, աղջիկ- լուսին), իսկ վերջին երկու տողերը՝ փոխաբերութիւն, որովհետեւ ամպն ու լուսինը արդէն կը հասկցուին իբրեւ հայր ու աղջիկ։ Փոխաբերութիւնները կը կազմուին տարբեր խօսքի մասերէ, ինչպէս՝գոյականով՝ ճակատագրի հարուած, չարիքի արմատ, «լոյսէ արցունք մոմերու», երեւակայութեան թռիչք, միտքի թելը. ածականով՝ քնքոյշ լարեր, յիմար վիճակ, «մարդիկն այն մահերգակ», երջանիկ պատահականութիւն, բայով՝ քամին կ՛երգէ, անձրեւը կատղեցաւ, ձանձրոյթը զինք կ՛ուտէ, արեւը կը ժպտի, ծովը կը հառաչէ եւլն.։

Փոխանունութիւնը այլաբերութեան երկրորդ տեսակն է, ուր առարկազի մը անունին փոխարինումը ուրիշով կը կատարուի ոչ թէ անոնց ուղղակի նմանութեան, այն անոնց միջեւ եղող ինչ որ առնչութեան վրայ յենելով։ Տեսակները բազմազան են, ինչպէս՝ գործողութեան ներքին զգացականութեան տեղ կ՛ըսուի արտաքին գործողութիւնը-ձեռնոց նետել (մարտի հրաւիրել), զէնքերը վար դնել (ընդունիլ պարտութիւնը), երեսը կախել (նեղուիլ). աւելի ընդարձակ-թափւում են թագերը հնօրեայ, եւ գահերը լինում են կործան (իշխողները կը կործանին)։ Յաճախ առարկայի անունը կը փոխարինուի իր պարունակութեամբ կամ ապրած վայրով-լսարանը ծափահարեց, քաղաքը քնած է, հրապարակը ալեկոծուեցաւ, հայ հողը շատ տառապած է, Հայաստանի աչքերը քեզ կը նային եւլն։

Մակդիրը մէկ կամ քանի մը բառէ կազմուած բնորոշում է, որ կը նշէ երեւոյթի կամ առարկայի որեւէ յատկութիւն եւ անոր նկատմամբ որեւէ վերաբերմունք կ՛արտայայտէ։ Քերականական իմաստով մակդիրը որոշիչ է, բայց ամէն որոշիչ մակդիր չէ։ Գոյութիւն ունին տրամաբանական եւ գեղարուեստական բնորոշումներ։ Երբ կ՛ըսենք՝ «քարէ շէնք», «քար»-ը հոս տրամաբանական բնորոշում է, իսկ երբ կ՛ըսենք «քարէ սիրտ», հոս «քար»-ը մակդիր է։ «Սեւ ձեռնոց»-ին մէջ «սեւ»-ը տրամաբանական բնորոշում է, իսկ «սեւ սիրտ»-ին մէջ՝ գեղարուեստական, այսինքն՝ մակդիր։ Մակդիրով հեղինակը կը մատնանշէ երեւոյթին մէջ իրեն համար կարեւոր յատկանիշ մը ու կու տայ իր գաղափարական- զգացական վերաբերմունքը։ Օրինակ վերաբերմունքի արտայայտութիւններ են Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածին մակդիրները՝

Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,

Մեր հին սազի ողբանուագ, լացակումած լարն եմ սիրում,

Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման

Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում։


Մակդիրը աւելի յաճախ կ՛արտայայտուի ածականով, բայց կրնայ ըլլալ նաեւ այլ խօսքի մասերով։ Ածականով մակդիրներ են վերը բերուած բոլոր օրինակները։ Գոյական մակդիր-հրաշք աղջիկ, ծով աչքեր, անուրջ կոյս, քար սիրտ. մակբայով- տերեւները դողացին մեղմաբար, տխուր կը ժպտաս դու յոգնածօրէն. դերբայով-նիրհող դաշտեր, գերեզմանուող լռութիւն, էակներ սապատուող։ Մակդիրը կրնայ ըլլալ նաեւ քանի մէջ բառէ կազմուած- կամք լափող հրդեհ, կարօտից այուող շրթեր, մթում կորած խրճիթներ ( բերուած բոլոր օրինակները առնուած են հայ բանաստեղծներէ)։

Շրջասութիւնը մարդը կամ երեւոյթը անուանելու փոխարէն կու տայ անոր նկարագրական կարեւոր մէկ յատկանիշը, որմէ կը հասցուի ենթական։ Օրինակ՝ «Կայծեր»-ի հեղինակը (Րաֆֆի), Ամենայն հայոց բանաստեղծը (Թումանեան), Հայոց Հայրիկը (Խրիմեան), Հայ գիրերու ստեղծիչը (Մաշտոց) եւլն.։

Չափազանցում- մեծացում ու փոքրացում (կրոթէսք ու լիթոթա) Չափազանցումի նշուած երկու ձեւերը թէեւ զիրար կը հակասեն, սակայն նաեւ սերտօրէն կապուած են իրարու։ Անոնք օգտագործուած են հին բանահիւսութեան մէջ, ուրկէ ալ անցած են գրականութեան։ Ժողովրդական ստեղծագործութիւնները ընդհանրապէս ու մասնաւորաբար «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը ամբողջութեամբ կառուցուած են մեծացումի սկզբունքով։

Մեծացումը այսօր ալ գրականութեան մէջ կը գործածուի, թէկուզ գրողն ու ընթերցողը կը հասկնան, որ ան իրականութիւն չէ, այլ գրական հնարանք՝ շեշտելու համար երեւոյթի կամ անձի նկարագրային կարգ մը յատկանիշերը։ Մեծացումը առաւել կ՛օգտագործուի երգիծանքի մէջ, որուն փայլուն օրինակները կը գտենք Պարոնեանի ու Օտեանի ստեղծագործութեանց մէջ, ինչպէս՝ Աբիսողոմ աղայի յիմարութեան շեշտումը կամ Փանջունիի մեծամիտ ու շահամէտ դատարկաբանութիւնները։ Երգիծաբանութեան մէջ կրնան խոշորցուիլ նաեւ արտաքին գիծերը, (ինչ որ շատ կ՛ընդգծուի երգիծանկարչութեան մէջ )։

Թումանեանի «Անուշ» վիպերգին մէջ կան մեծացումի շատ օրինակներ, ինչպէս՝ «Թշշում է ձորը արիւնով լցուած» կամ՝ «Ես կը վառուեմ՝ հուր կը դառնամ, ես կը հալուեմ՝ ջուր կը դառնամ», կամ՝ հետեւեալ համեմատութեան մէջ՝

Ինչպէս մի հեղեղ վեր կենար յանկարծ,

Երկնքի մթնած ամպերից իջնէր,

Ինչպէս փոթորիկ սաստիկ սրընթաց,

Գիւղից սլացան մի խումբ կտրիճներ։


Փոքրացումը նոյն նպատակը կը հետապնդէ հակառակ ձեւով՝ երեւոյթի չափերու փոքրացումով։ Օրինակ Թումանեան «Քաջ Նազար»-ին մէջ կ՛ըսէ. «Մին էլ տեսնում է՝ աշխարհքը իր բռան մէջ (ափին մէջ)», Իսահակեանի քերթուածին մէջ դար-վայրկեան համեմատութեամբ Արարատին յաւերժութեան միտքը կ՛ընդգծուի, բաղդատոած սերունդներու կեանքի կարճատեւութեան։

Փոքրացումը եւ մեծացումը յաճախ իրարու հետ կը դրուին, ինչպէս, Թումանեանի «Հսկան» քերթուածին մէջ՝ «թէ մարդիկ նրա աչքում՝ թէ հասարակ ճանճ ու մժեղ» կամ Չարենցի «Ամենապոէմ»-էն՝ «Օ՜, աշխարհը վաղուց է դարձել մի փոքրիկ, փոքրիկ փողոց»։ Ճոնաթան Սվիֆթի «Կուլիվըրի ճանապարհորդութիւնը» վէպին մէկ մասը կառուցուած է մեծացումի (հերոսը հսկաներու աշխարհին մէջ) միւսը՝ փոքրացումի (հերոսը թզուկներու աշխարհին մէջ) սկզբունքով։

Փարատոքսը ընդունուած ընկալումներուն հակասող, անսպասելի ու հակասական խօսք է։ Ան գործածելի է թէ՛ ժողովրդական խօսքի, թէ՛ գրականութեան մէջ։ Օրինակ ասոյթ՝ «Իմ լեզուս իմ թշնամիս է», «Կատուն պանիրի պահակ կարգեցին»։ Գրականութեան մէջ՝ Առանձարի «Վշտի ծիծաղ»ը, Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» բառային փարտոքսներ են։ Կայ նաեւ հոգեվիճակի փարատոքս, ինչպէս Զոհրապի «Զաբուղոն» նորավէպի հերոսին վարմունքը, երբ բանտէն մեծ դժուարութեամբ փախած հերոսը նոյն առտու կրկին կը յանձնուի, անիմաստ գտնելով իր ազատութիւնը։

Անձնաւորում կամ դիմառնութիւնը լեզուա-ոճական հնարանք է, երբ բնութեան երեւոյթները, անշունչ իրերը, կենդանիները, թռչունները եւ այլն կ՛օժտուին մարդկային յատկանիշերով՝ կը զգան, կը խորհին ու կ՛արտայայտուին։ Անձնաւորումը հնագոյն մարդու մտածողութեան մնացուկ է, երբ բնութիւնը կ՛ընկալուէր իբրեւ բանական, շնչաւոր արարած։ Մեծապէս օգտագործուած է ժողովրդական բանահիւսութեան, ապա նաեւ գրականութեան մէջ։ Սասունցի Դաւիթի ձին՝ Քուռկիկ Ջալալին կը խօսի ու յաճախ կը խրատէ իր տէրը։ Պղնձէ քաղաք մտնել ուզող Սանասարին ծառերն ու խոտերը կը յուշեն, որ սպասէ կախարդի գալ- երթալուն։ Գրականութեան մէջ եւս անձնաւորումը լայնօրէն կ՛օգտագործուի. Օրինակ՝

Զայն առատօրէն օգտագործած են յատկապէս ռոմանթիկ բանաստեղծները՝ Ալիշան, Դուրեան, Պէշիկթաշլեան, Րաֆֆի եւ ուրիշներ։

  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 8։