Գեղարդ (թերթ)

«Գեղարդ», գրական, մշակութային եռամսեայ պարբերաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1969-էն, Մոնրէալի մէջ։ Կը հրատարակէ Պոլսահայ միութիւնը։ Ունի խմբագրական կազմ։ Կը տպագրէ հայ հեղինակներու երկեր, քննադատական ակնարկներ, լուրեր (մասնաւորապէս պոլսահայ կեանքէն) եւ այլն։ Պոլսահայ միութեան երիտասարդաց «Սայա» կազմակերպութիւնը կը հրատարակէ «Փունջ» պարբերաթերթը, անգլերէն եւ հայերէն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։