Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք

Գեղար Դ. Տարի 1991

«Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրքը եղած է գրական, բանասիրական, գեղարուեստական եւ պատմական հրատարակութիւն մը, որ կեանքի կոչուած է 1975-ին, Հալէպի ՀԲԸ Միութեան Մատենագիտական Յանձնախումբի կողմէ:

«Գեղարդ»ը նախ սկսած է լոյս տեսնել որպէս տարեգիրք, ապա վերածուած է պարբերական հրատարակութեան մը, պահելով տարեգիրք անուանումը: Ունեցած է գրական, գեղարուեստական, պատմական, բանասիրական, կրթական ազգային-հասարակական, մշակութային, մարզական եւ յոբելենական բովանդակութիւն, ինչպէս նաեւ մահագրութեան բաժին (որոշ թիւերու մէջ):

Լոյս տեսած է վեց հատորով, Ա. Գիրքը՝ 1975-ին, խմբագրութեամբ՝ Հայկ Պարիկեանի, որ յաջորդաբար խմբագրած է նաեւ Բ. Գիրքը՝ 1976-1978 միացեալ թիւով, Գ Գիրքը՝ 1985:

«Գեղարդ»ի Դ. Գիրքը լոյս տեսած է 1991-ին, ուր խմբագիր Հայկ Պարիկեանին միացած են Ռոպերթ Ճէպէճեանն ու Լուիզա Խապայեան-Ճէպէճեանը: Դ. Գիրքէն սկսեալ «Գեղարդ»ը դարձած է «Վիոլէթ Ճէպէճեան» գրադարանի հրատարակութիւնը: 1996-ին լոյս տեսած է «Գեղարդ»ի Ե. Գիրքը, պատասխանատու խմբագիր ունենալով՝ Ռ. Ճէպէճեանը, գործակիցներ՝ Հ. Պարիկեան, Լուիզա Խապայեան, Վարդ Քէշիշեան եւ Թամար Խապայեան: Այս թիւը յատկանշական է իր պատմական բովանդակութեամբ, այնտեղ զետեղուած են պատմագրական, վիճակագրական, յայտնի անձանաւորութիւններու մասին նիւթեր, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւններ, կազմակերպութիւններու եւ ճեմարաններու կազմաւորման պատմութիւններ, համայնքային հարցեր եւայլն:

Զ. Գիրքը, որուն վիճակուած էր ըլլալ «Գեղարդ»ի վերջին հատորը, լոյս տեսած է 2000-ին, հիմնական թեմայ ունենալով՝ Միջ-էթնիքական սերտաճը հայ եւ արաբ ժողովուրդի միջեւ:

«Գեղարդ»ը բացի տեղեկատու հանդէս ըլլալէ, ներկայացուցած է սփիւռքի եւ հայրենիքի նուաճումները, գրականութեան, արուեստներու, արտադրական, հասարակական, պատմական եւ հոգեւոր կեանքի ոլորտներէն ներս: Ան մեծ դեր ունեցած է Սուրիահայ գաղութի պատմութեան հաւաքման եւ պահպանման մէջ, դառնալով հարուստ սկզբնաղբիւր:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Գեղարդ», Ա. Գիրք, 1975թ., Հալէպ:
  2. «Գեղարդ», Բ. Գիրք, 1976-1978 թ., Հալէպ:
  3. «Գեղարդ», Գ. Գիրք, 1985թ., Հալէպ:
  4. «Գեղարդ», Դ. Գիրք, 1991 թ., Հալէպ:
  5. «Գեղարդ», Ե. Գիրք, 1996 թ., Հալէպ
  6. «Գեղարդ», Զ. Գիրք, 2000 թ., Հալէպ