Հայկ Պարիկեան
Հայկ Պարիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1914 |
Ծննդավայր | Եոզկաթ, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր |
Հայկ Պարիկեան (1914, Եոզկաթ, Թուրքիա), հայ բանասէր, բանաստեղծ եւ խմբագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Եոզկաթ: Տարագրութեան ատեն ծնողքին հետ հաստատուած է Հալէպ, ուր ստացած է իր ուսումը Հայկազեան վարժարանէն ներս: Հեղինակ է գրական, մենագրական եւ մատենագրական երկերու։
Աշխատանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1936-էն սկսեալ պաշտօնավարած է Զաւարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններուն մէջ։ 1930-1941 եղած է տնօրէն Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանին։ Իսկ 1954-1978 մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վրժ.ի երկրորդական բաժինին մէջ։
Եղած է խմբագիր «Եփրատ» թերթի, «Բուրաստան» եւ «Բարձրունք» պարբերականներու, իսկ 1975-էն սկսեալ «Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրքի։ Աշխատակցած է գրական յօդուածներով եւ քրոնիկներով, մասնաւորաբար «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն, իսկ պատմուածքներով եւ բանաստեղծութիւններով՝ «Շիրակ» գրական ամսագրին։
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը.
«Այգեկութք», բանաստեղծութիւններ (1962), «Լեւոն Բաշալեան», մենագրութիւն (1970), «Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու» (1973), «Երգեր Հողի եւ Մարդոց Մասին», բանաստեղծութիւններ (1985):
Հրատարակելի են. «Պատմուածքներ», «Ծածկանուններու Բառարան» գործերը։
Իր բանաստեղծութիւնները տոգորուած են համամարդկային սիրոյ զգացումներով։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։