Jump to content

Գեղամ Սեւան Տատուրեան

Գեղամ Սվաճեան։
Ծնած է 1926
Ծննդավայր Իսթանպուլ
Մահացած է 1991

Սեւան Գեղամ (բուն անունով՝ Գեղամ Սվաճեան, 1926-1991), հայ արձակագիր։

Ծնած է Իսթանպուլ, եւ մահացած՝ Երեւան։ Յաճախած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարան։ Հետեւած է Իսթանպուլի համալսարանի իրաւագիտական ֆաքիւլթէի դասընթացքներուն։ Վկայուած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտի բանասիրական ճիւղէն։ Ուսուցչագործած է Պէյրութի Մխիթարեան եւ Երեւանի 26 Կոմիսարներու անուան միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։ իբրեւ գիտաշխատող պաշտօնավարած է Երեւանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի գրականութեան ինստիտուտին մէջ։ Աշխատակցած է Իսթանպուլահայ, Պէյրութահայ եւ հայրենի մամուլին։ Պէյրութի մէջ մասնակցած է Գիրք Գրականութեան Եւ Արուեստի հանդէսի խմբագրական աշխատանքներուն (1959)։ Երեւանի մէջ, գործակիցներու հետ պատրաստած է Հայ Գրականութեան դասագիրք (1964)։ Ունի անաւարտ՝ Պարսկանայ Գրականութիւն ուսումնասիրութիւնը եւ Սիրոյ Պանթէոն վէպը։ Անդամ եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։ 1949-ին կը հաստատուի Պէյրութ, իսկ 1962-ին Երեւան։

Հրատարակուած Գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։