Jump to content

Գարեգին Քհնյ. Չօլագեան

Գարեգին Չօլաքեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Կեսարիա
Մահացած է Յունուար 21, 1931
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ
Երեխաներ չորս զաւակ

Գարեգին Քհնյ. Չօլագեան, (ծն.՝ 1875,Կեսարիա- Յունուար 211931), աղւանի անունով՝ Յարութիւն։

Գարեգին Չօլագեան, յաճախած է տեղւոյն «Կիւմշեան» բարձրագոյն նախակրթարանը եւ շրջանաւարտ եղած է 1892-ին։

Համիտեան ջարդերէն ազատուած՝ Յարութիւն, ուսուցչութեան պաշտօնի կոչուած է իր աւարտած վարժարանին մէջ։

Տարիներ ետք, իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ, անձնուէր ծառայութեան արձագանգը հասած է Կ.Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդին, որ 1912-ին յատուկ վկայականով մը արտօնած է իրեն Ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ, կրթական պաշտօն վարելու։

1914-ի զօրակոչին, զինուորական ծառայութեամբ ղրկուած է Գաղատիա։ Բանակի ծառայութիւնը աւարտած է 1919-ին, զինադադարին։ Ազգային Որբանոցի տնօրէնութիւնը վստահուած է իրեն, միաժամանակ պարապած է կրթական ու դաստիարակչական աշխատանքներով։

1921-ին, դարձեալ հրաւիրիւած է ուսուցչական պաշտօնի «Կիւմշեան» վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ 1924։

Տարի մը ետք, վերջնակաանապէս փոխադրուած է Հալէպ եւ հրաւիրուած՝ ուսուցչական պաշտօնի Կիլիկեան Նպաստից Միութեան Վարժարանին մէջ։

Պսակուած է հայրենակից օրիորդի մը հետ եւ բախտաւորած է չորս զաւակներով։

Ան գործնական քայլեր առած է եւ 22 Ապրիլ 1925-ին, նամակով քահանայութեան թեկնածութիւնը ներկայացուցած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու կրօնական ժողովին։ Առաջնորդ՝ Հայր Սուրբին տնօրինութեամբ՝ անմիջական կարգադրութիւնները եղած են եւ 1925-ին, քահանայ ձեռնադրուած՝ վերակոչուելով Տէր Գարեգին։

Քահանայական քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը աւարտելէ ետք, Առաջնորդին թելադրութեամբ՝ ծառայած է Ճարապլուսի եւ թեմի այլ շրջաններուն մէջ։

Տէր Հօր վրայ մեծ համարում ունեցող Բերիոյ Թեմի նորաօծ եպիսկոպոս Տ. Արտաւազդ Սիւրմէեան, 9 Օգոստոս, 1929, թուակիր պաշտօնագրով Տէր Հայրը փոխադրած է Հալէպ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակած Սուրբ Քառասնից Մանկնաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։

Երկար չէ տեւած քահանայական կեանքը։ Հազիւ վեց տարիներ։ Կեանքին հրաժեշտ տուած է 56 տարեկանին։ Տառապանքով բեռնաւորուած կեանքը փութացուցած է իր մահը։ Ան վախճանած է 21 Յունուար, 1931-ին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած են ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ եպիսկոպոս Սիւրմէեանի, 22 Յունուար, 1931-ին, Ս. Քառասնից Մանկնաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազանը դամբանակին մէջ դրուատած է Տէր Հօր արժանիքները[1]։

Ծաօոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 277։