Գարեգին Վարդապետեան
Գարեգին Վարդապետեան | |
---|---|
Ծնած է | 1881 |
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ծնողներ | Նուարդ Չէթէճեան |
Երեխաներ | 2 մանչ, 1 աղջիկ |
Գարեգին Վարդապետեան, 1881, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Իզմիրի Ամերիկեան Գոլէճը, 1897-1901, երեք տարի ոգսոգցչութեան պաշտօն կը վարէ միեւնոյն գոլէճի նախակրթարանի բաժնին մէջ։ 1905-ին կու գայ Պէյրութ եւ Ամերիկեան Համալսարանին մէջ կը հետեւի բժշկութեան, զոր կ՝ աւարտէ 1909-ին՝ ստանալով բժիշկի տիտղոս։ Կը վերադառնայ ծննդավայրը, ուր երկու տարի կ՝ աշխատի որպէս օգնական բժիշկ։ 1911-ին կը փոխադրուի Ատանա, դարձեալ որպէս գերմ. Հիւանդանոցի օգնական բժիշկ, ուր տարի մը յետոյ կ՝ ըլլայ բժշկապետ վեց տարի շարունակ։ Ա. Ընդհ. Պատերազմի վերջաւորութեան համար, եւ կը վերադառնայ ատանա, Կիլիկիոյ պարպումին նախ կ՝անցնի Ալեքսանտրէթ, ապա Պէյրութ, ոգր երկար ժամանակէ ի վեր հաստատած է իր դարմանատունը։ Տօքթ. Վարդապետեան ամուսնացած է Նուարդ Չէթէճեանի հետ։ Տիկ. Վարդապետեան եւս իր ամուսինին հետ մասնակցած է ազգային ձեռնարկներու։ Ունեցած են երեք զաւակ, երկու մանչ՝ Ժիրայր եւ Վարդգէս, եւ աղջիկ մը՝ Սոնա որ ծանօթ դաշնակահարուհի է՝ վկայեալ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի երաժշտանոցէն եւ Եէյլի Համալսարանէն։
Տօքթ. Վարդապետեան ունեցած է բազմամեայ ու եռանդուն ազգային գործունէութիւն։ 1910-ին Մարաշի մէջ եշած է Միացեալ Դպրոցի Ատենապէտ։ 1918-ին Ատանա, պասերազմէն վերջ եղած Ազգ. Միութեան Ատենապետ եւ Փարիզ ղրկուած որպէս պատուիրակ։ 1930-33, Պէյրութի մէջ 3 տարի եղած Ազգ. Սբ. Նշան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ 1934-ին տարի մեն ալ Հայ Աւետ. Բարձր. Վարժարանի հոգաբարձութեան Ատենապետ։: 1937-ին, տարի լը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի մասնաժողովի ատենապետ։ Քսան տարիէ ի վեր կը ծառայէ Ազգ. Բուժարանի վարչութեան մէջ որպէս փոխ ատենապետ։ Նոր Մարաշ թաղի հիմնարկութեան կառուցումի յանձնախումբին ատենապետ եղած է նաեւ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 413-414։