Jump to content

Գարեգին Ա. Քհնյ. Պօղարեան

Գարեգին Ա. Քհնյ. Պօղարեան
Ծնած է 1867
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 2 Փետրուար 1946-ին
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն Կրօնաւոր, քահանայ
Ծնողներ Խաչատուր եւ Հռիփսիմէ
Երեխաներ Նորայր
Յակոբ
Գրիգոր
Խաչիկ
Ադամ-Նորայր
Նուպար
Հռիփսիմէ

Գարեգին Ա. Քհնյ. Պօղարեան (ծնած է 1867-ին, Այնթապ - վախճանած է12 Փետրուար 1946-ին, Հալէպ):

Աւազանի անունով՝ Գրիգոր, որդի Խաչատուրի եւ Հռիփսիմէի, ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Այնթապ, 1867-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Ներսէսեան Վարժարանի մէկ սենեակին մէջ բացուած Վարդանանց Մեսրոպեան Սանուց Վարժարանը, որ հիմնուածէ Վարդանեան Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։

Դպրոցական կեանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կրցած է դպրոց յաճախել միայն հինգ տարի՝ 1874-1879։ Կեանքի պայմանները առիթ չեն տուած ուսումը շարունակելու։ Բայց յետագային, ինքնաշխատութեամբ եւ գիշերային դպրոց յաճախելով զօրացուցած է հայերէն եւ թրքերէն լեզուները։

Ան մտած է ազատ ասպարէզ եւ 1883-1893 հետեւած է մանուսայագործութեան (կերպասագործութիւն) ու յետագային դարձած է լաւ արհեստաւոր։ Այս յաջողութիւնը պատճառ եղած է, որ ան պրն. Կարուճ Սերմէնեանի հետ ընկերովի գործի մը ձեռնարկէ։ Սակայն երկու տարի ետք, բաժնուելով՝ դարձած է գրագիր–հաշուապահ Լէյլէկեան եղբայրներու վաճառատան, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ 1903 թուական։ Շնորհիւ իր ընթերցանութեան դարձած է իր ժամանակի լուսաւորեալներէն մէկը։ Եւ իբրեւ այդպիսին հետաքրքրուած՝ ազգային-եկեղեցական ու կրթական կեանքով։

Իր գաղափարակիցներուն հետ համախորհուրդ, ան հիմնադիրներէն մին եղած է 1858-ի Թանգարան Ընկերութեան, որ 1863-ին կը դառնայ Ուսումնասիրաց Ընկերութիւն եւ աւելի ուշ ՝ Վարդանանց Ուսումնասիրած Թանգարան եւ հուսկ ուրեմն՝ Վարդանեան Ընկերութիւն։ Յետագային, իր հասակակից երիտասարդներուն հետ ան հիմնած է Վարդանանց Սանուց Միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ ճոխացնել Վարդանեան Մատենադարանը։

Ան այս նոյն դպրոցին ծառայած է իբրեւ հոգաբարձու եւ գործադիր ժողովի անդամ։ Իսկ յետագային քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, եղած է նախագահ նոյն ընկերութեան մինչեւ 1915-ի տարագրութեան օրերը։

Ան իր կեանքի ընկերը ընտրած է այնթապցի Յակոբ Թահթաճեանի դուստրը՝ Սանդուխտ (Եղսա), որուն հետ պսակուած է 19 Դեկտ. 1893-ին Այնթապի մէջ։ Ունեցած է եօթ զաւակներ՝ Նորայր, Յակոբ, Գրիգոր, Խաչիկ, Ադամ-Նորայր, Նուպար եւ Հռիփսիմէ։ Մանչերէն երկուքը՝ Նորայր եւ Յակոբ փոքր տարիքին մահացած են։

Գրիգոր իր ձայնաւոր եւ եկեղեցասէր հօրմէն ստացած է կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւնը, որ զինք կապած է եկեղեցւոյ եւ իբրեւ ձայնաւոր դպիր երկար տարիներ ծառայած է անոր։

1903-ին հրաժեշտ կու տայ աշխարհական կեանքին եւ իր բարեկամներու թելադրութեան անսալով ու գոհացում տալով Վարդանեան Ընկերութեան բուռն փափաքին, երեք այլ քահանայացուներով կը մեկնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի դպրեվանք, հետեւելու համար կրօնական դասընթացքներու եւ ապա ստանալու քահանայական կարգ եւ օծում։

Ան քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Աահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի, Սիսի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 13 Յունուար 1904-ին անուանակոչութեան տօնին, վերակոչուելով Տէր Գարեգին եւ օծակիցներ ունենալով Տ. Մեսրոպ քհնյ, Տէմիրճեան, Տ. Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեան եւ Տ. Կարապետ քհնյ. Մղրըպլեան։

Տէր Գարեգին նախ քահանայագործած է իր ծննդավայր Այնթապի մէջ տասնմէկ տարիներ՝ 1904-1915։ Իր հովուական կեանքի ընթացքին յայտնաբերած է վարչական եւ կազմակերպչական կարողութիւններ։ Ասոր համար կոչուած է ժողովական կեանքի եւ եղած Կրօնական Ժողովի անդամ ու ատենադպիր եւ նոյն Ժողովի տնօրինութեամբ նշանակուած՝ հսկող եւ ապա նախագահ դպրաց դասին։ Ան իբրեւ պատասխանատու՝ կազմակերպած է դպրաց դասը եւ մասնաւոր աշխատանք տարած դպրաց դասի աճման եւ բարգաւաճման։

Իր սրտին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են ուսումն ու կրթական կեանքը։ Քանի մը տարի կրօնաւանդ ուսուցիչ եղած է Ազգ. Ներսէսեան ու Կրթասիրաց Աղջկանց Վարժարաններուն մէջ։ Իր կրօնական ու ազգային գործերուն առընթեր, մաս կազմած է Վարդանեան Կրթարանի եւ Կիլիկեան ճեմարանի, ինչպէս նաեւ քանի մը շրջան՝ Ազգ, Հայկանուշեան եւ Ս. Լուսաւորչեան Վարժարաններու հոգաբարձութեանց։

1909-ի Ատանայի կոտորածէն ետք, ընկերակցութեամբ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Տէմիրճեանի, կրօնական առաքելութեամբ այցելած է Հասան-Պէյլի շրջանը, նպաստ բաշխելու եւ հոգեւոր մխիթարութիւն ջամբելու տեղւոյն հայ գաղութին։

Ան միութենական կեանքին մօտ ըլլալով, անդամակցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ եղած՝ Այնթապի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ։

1915-ի Մեծ եղեռնին, Տէր Գարեգին իր հօտին հետ տարագրուած է Համա եւ ապա Սելէմիէ, ուր հանդիպած է իրեն օծակից Տ. Ներսէս քհնյ, Թաւուգճեանին։ Այդ դժուարին պայմաններուն մէջ, երկու օծակիցներ համագործակցաբար, գեղջկական տան մը մէջ կրօնական արարողութիւններ կատարած են եւ պատարագով ու քարոզախօսութեամբ մխիթարած՝ ութ հազարի հասնող տարագիր բազմութիւն մը։

1916-ին սկսած է եկեղեցականներուն աքսորը։ Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն հաւաքուած քսան հոգեւորականներ, որոնց մէջ նաեւ Տէր Գարեգին, աքսորուած են էդովմի Պուսէյրա գիւղը։ Արիւնարբու Թալէաթի հնարած Հիյեէթի Մախսուսիէի (արտասովոր ատեան) խաբեբայ պետերը «Սուրբ երուսաղէմ կը ղրկենք ձեզ» ըսելով անապատի այդ խուլ անկիւնը քշած են զիրենք։ Սակայն, Երուսաղէմ հաստատուած Վեհափառ Սահակ կաթողիկոսի միջնորդութեամբ եւ Դամասկոսի կուսակալին հրամանով՝ կարելի եղած է ազատիլ այդ աքսորէն, ողջ վերադաոնալ Սելէմիէ եւ ապա անգլիական բանակի ժամանումէն ետք հաստատուիլ Համա։

Յետագային, Համայի մէջ, Տէր Գարեգինի ու քանի մր ազգայիններու նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է հաստատել Ազգ. Միութիւն, Աղքատախնամի Մարմին եւ Ազգ. Որբանոց մը ՝ անգլիացիներու օժանդակութեամբ։ Չորս տարուան տարագրութենէն ետք, Տէր Գարեգին վերադարձած է Այնթապ եւ այս անգամ դիմագրաւած է տագնապի նոր շրջան մը։ Անգլիացիները Այնթապը յանձնած են ֆրանսացիներուն։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուող քեմալական շարժումը սկսած է փոթորկել մթնոլորտը։

1920 Ապրիլ 1-ին կր պայթի գոյամարտի կռիւ մը, որուն սարսափը ապրած են Այնթապ հաւաքուած տասնութ հազարէ աւելի հայեր, քանի մր հազար որբերով։ Վերապրող քահանաներուն հետ համախորհուրդ, Տէր Գարեգին ջանացած է եկեղեցին բաց պահել եւ աջակից ու զօրավիգ կանգնիլ Ազգ. միութեան, Զինուորական իշխանութեան եւ Պարենաւորման Մարմնին։

Տէր Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի Հալէպ մեկնումէն ետք, ան վարած է Ազգ, Միութեան, Թաղական Խորհուրդի նախագահութիւնր եւ իրեն վիճակուած է նաեւ գոյամարտի տարիներու հաշուապահութիւնը։

Երբ ֆրանսացիները քաշուած են այնտեղէն, քաղաքը պարպուած է։ Իր ու Տէր Ներսէս քհնյ. Պապայեանի եւ այլ ագգայիններու հետ միասին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բոլոր արժէքաւոր գիրքերն ու սպասները Հալէպ փոխադրած են։ Իսկ 1922-ին, Տէր Գարեգին եւս իր պաշտօնակիցին հետ վերջնականապէս Հալէպ տեղափոխուած է։ Կարճ ժամանակ մը ետք, 1923-ին, Վեհափառ Սահակ Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Տէր Գարեգին ընտանեօք փոխադրուած է Լիբանան ու հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Ճիւնիի եւ շրջակայքի հայ ընտանիքներուն, որոնք Պէյրութէն Թրիփոլի տարածուող ծովեզերեայ տասի մօտ գիւղերու եւ աւաններու մէջ բնակութիւն հաստատած էին։

Իր քահանայագործութեան ընթացքին, իր նախաձեռնութեամբ եւ ագգայիններու ջանքերով ու ամերիկահայ բարեսէրներու նիւթական օժանդակութեւամբ, Ճիւնիի եւ Զագիրի շրջանները ունեցած են իրենց սեփական եկեղեցիներն ու դպրոցները։ Այս շրջաններուն մէջ երեք տարիներու հովուական ծառայութենէ ետք, Հալէպի ծխական ժողովուրդին ու այնթապցի հայրենակիցներու հրաւէրով, ան տեղափոխուած է Հալէպ, 1925-ին։

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ եպս. Սիւրմէեանի եւ Կրօնական Ժողովի տնօրինութեամբ՝ Տէր Գարեգին հոգեւոր հովիւ նշանակուած է գէմբի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ երեք տարի ծառայած է այդ եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին՝ օգտակար դառնալով եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներուն։

1927-ին մասնակցած է «Եփրատ» թերթի հիմնումին համար Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ տարուած աշխատանքներուն ու խորհրդակցական ժողովներուն եւ ապա դարձած՝ Հրատ. Ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը։

1928-ին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հաւանութեամբ, ան տեղափոխուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ իր հայրենակից ծխական ժողովուրդին, իրեն պաշտօնակից ունենալով Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Թաւուգճեանն ու Տ. Ներսէս քհնյ. Պապայեանը։

Ան երկա՜ր տարիներու տառապանքէն յոգնած ու սպառած է։ 1933-ի Ծաղկազարդի տօնին, առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին, ան յանկարծ ուղեղային կաթուած մը կ՚ունենայ եւ կը կորսնցնէ իր մտքի առողջութիւնը։ Այդ թուականէն սկսեալ, դադրած է պատարագելէ։ Այնուհետեւ իր միակ մխիթարութիւնը եղած է, որ այդ հիւանդ վիճակով կարողութիւն ունենայ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութեան ներկայ ըլլալու, աղօթելու եւ երբեմն ալ իր ծուխերուն այցելելու։

Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին, 1933-ին, Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս շնորհած է իրեն Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք։

1934-ին, ստացած է Աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոսէն։

Վախճանած Է 12 Փետրուար 1946-ին, Հալէպ։ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած է ձեռամբ՝ Գերպ. Տ. Խորէն Ծ. Վրդ. Բարոյեանի (Առաջնորդական Փոխանորդ Ճէզիրէի եւ ապա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուարին, Տեառնընդառաջի օրը։ Մարմինը ամփոփուած է հայոց Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]։

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 61-66։