Jump to content

Գալուստ Ասլանեան

Գալուստ Ասլանեան
Ծնած է 13 Փետրուար 1868(1868-02-13)
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է անհայտ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Գալուստ Ասլանեան (13 Փետրուար 1868(1868-02-13), Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն - անհայտ), հայ բժիշկ։

Շրջանաւարտ Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Կեդրոնական Վարժարարէն։ Երկու տարիի չափ ուսուցչութեամբ զբաղած է յիշեալ վարժարանին մէջ։ Բժշկութիւն ուսանելու սկսած է Մարսիլիոյ մէջ, ուր 1890-ին, հիւանդանոցներու «Interne» մրցումին մէջ առաջին կ՛ելլէ։ Բժշկական վկայական կը ստանայ Փարիզի համալսարանէն 1895-ին եւ Թեսաղոնիկէ կը հաստատուի, երկար տարիներ վարելով իտալական եւ հրէական հիւանդանոցներու վիրաբուժապետի պաշտօնները։ Իտալական կառավարութիւնը անուանած է զինք՝ «Ասպետ Իտալական Թագին» ։

Տոքթ. Ասլանեան վարած է ազգային եւ հասարակական կարեւոր պաշտօններ։ Ան եղած է Հայ Հանրապետական Կառավարութեան պատուակալ հիւպատոս եւ Սելանիկի Խնամակալութեան Բարեգոծականին տեղւոյն մասնաճիւղին եւ Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ։

Տոքթ. Ասլանեան հանրային կեանքին մէջ ցոյց տուած է հասուն, փորձառու եւ ողջախոհ հայու ոգին։ Ինքն է Սելանիկի ամէնէն վաղեմի բժիշկը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Արևմտահայերեն Վիքիպեդիա — 2019.