Բռի եղցի (Բռի Եկեղեցի)
Բռի Եկեղեցի կամ Բռի եղցի, եկեղեցի-իւշարձանախումբ, որ կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Հացի գիւղին մէջ, գետակին ձախ ափին, բլրան գագաթին։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անահիտի ձորակին ձախ կողմը փռուած է Բռի Եղցի (եկեղեցի) իւշարձանախումբը։ Ամայի՝ փուշ ու տատասկով, քար ու աւազով պատուած տարածքին մէջ կ'երեւի միջնադարեան մեծ վանքային համալիրը։ Թէեւ համալիրին կանգուն, մասամբ նաեւ քանդուած կառոյցները, ըստ անոնց վրայի արձանագրութիւններուն, կը վերաբերին ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն, բայց հոս գտնուած աւելի հին իւշարձաններու բազմաթիւ բեկորները եւ ժողովուրդին մօտ պահպանուած աւանդութիւնները կը հաստատեն վանքին տեղը վաղ միջնադարուն, նոյնիսկ մինչեւ հեթանոսական ժամանակները հասնող մշակոյթի գոիւթիւնը։
Հնագոյն շէնքերու բեկորները ձեւաւոր «քառակող կոթողներու մասեր» են, Ե.-Է. դարերուն բնորոշ զարդանախշերու բեկորներ, դարաւանդներ, խոյակներ, խարիսխներ, հիմնապատեր, որոնք սփռուած են վանքային համալիրին ամբողջ տարածքին։ Ժամանակին այս խոյակները պսակած են նշանաւոր տաճարի մը սիւները։ Իսկ տաճարը, Արցախի մէջ կառուցուած այն եկեղեցիներէն մէկն էր, որու հիմնադրումը կապուած է Հայաղվանքի արքայ Վաչական Բարեպաշտի շինարարական գործունէութեան հետ։
Ահա այդ ժամանակներուն կառուցուած տաճարներէն մէկն ալ կը համարուի այս իւշարձանախումբի ամենահին եկեղեցին, որու հիմնապատերը պահպանուած են բլրան գագաթին, գաւիթին կից եկեղեցիներու հիւսիս արեւելեան մասին մէջ։ Կը պարզուի, որ անիկա աւելի քան երկու հարիւր քառ. մեթր մակերեսով եռանաւ կառոյց մը եղած է եւ ստեղծուած շատ աւելի հին, հեթանոսական շրջանի շինութեան, հաւանաբար մեհեանի մը հիմերուն վրայ։ Այս պարագան անվիճելիօրէն կը վկայէ Բռի եղցի վանքին կառուցման տեղին աւելի հին պաշտամունքային նշանակութեան մասին։ Հոս գտնուած են հետաքրքրական նիւթեր, որոնցմէ կ'արժէ նշել. «Կոթողի մը բունը, երկու խոյակ եւ երեք խարիսխներ այդ դարաշրջանին բնորոշ երկրաչափական եւ բուսական զարդաքանդակներով եւ հաւասարաթեւ խաչերով»։
Բռի եղցւոյ արդի համալիրը բաղկացած է չորս եկեղեցիներէ, գաւիթէ մը, խաչքարերու երեք որմնափակ պահոցներէ, քանդուած մատուռէ, օժանդակ (աւերուած) շէնքերէ եւ ընդարձակ գերեզմանատունէ, որոնք կառուցուած են միջնադարուն, եւ բնականաբար հետագայ դարերուն ենթարկուած են վերանորոգումներու:
Ճարտարապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին եկեղեցին, որ կը գտնուի բլրան գագաթին հարաւ արեւելեան կողմը, փոքր է, շարուած (բացառութեամբ արեւմտեան արտաքին ճակատին) անտաշ սալաքարերով: Գրեթէ ամբողջական մնացած միանաւ, թաղածածկ դահլիճին (5,85 X 3,60 մ) յօրինուածքով եկեղեցւոյ միակ մուտքը արեւմուտքէն է: Ընդհանրապէս եկեղեցւոյ արեւմտեան արտաքին ճակատը, յատկապէս դրան երեսակալները գեղեցիկ հիւսուած զարդերով են, քառակուսիներ, կեդրոնը զարդանախշ խաչեր:
Երկրորդ եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ եկեղեցին կը գտնուի առաջինին հիւսիսային պատին կից, դարձեալ փոքր շինութիւն մըն է, իրականացուած հողմնահարուած սպիտակաւուն թերթաքարերով: Ասիկա ալ, առաջին եկեղեցւոյ նման, միանաւ պազիլիք մըն է (3 X 5 մ) ուղղանկիւն յատակագիծով:
Ծեփը թափած է, այդ պատճառով ալ լաւ կ'երեւին սլաքաձեւ թաղին շարուածքին հորիզոնական, կանոնաւոր ձեւերը: Եկեղեցւոյ կիսաշրջանաձեւ ելքը հաւասար է դահլիճին մակարդակին: Կողմերը խորաններ չունին, բայց բեմին անկիւնամերձ հատուածներուն մէջ, իրարու դէմ դիմաց խորշեր կան: Լուսամուտերէն մէկը, դրան վերին մասինը, փակուած է հետագային կառուցուած գաւիթին սիւները կապող կամարով:
Երկու եկեղեցիները ոճական առումով թէեւ իրարու շատ կը նմանին, բայց եւ այնպէս որոշ առանձնայատկութիւններ ունին:
Գաւիթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաւիթը նշուած եկեղեցիներուն համար ընդհանուր է: Ճարտարապետական ուշագրաւ կառոյց մըն է, որ շրջանին համանման լաւագոյն գաւիթներէն մէկը կը համարուի :
Անոր խաչուող կամարներով հիւսուած թաղ-տանիքը հայկական ճարտարուեստի ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն նուաճումն է։ Գաւիթը կառուցուած է զոյգ եկեղեցիներուն արեւմտեան մասին մէջ, որոշ չափով ծածկելով զարդանախշերով, խաչքարերով եւ բարձրաքանդակներով:
Գաւիթ-ժամատան յատակագիծը գրեթէ քառակուսի (7,5 X 7,8 մեթր չափերու) յօրինուածք մը ունի: Ինչպէս միւս բոլոր գաւիթները, ասիկա նոյնպէս դամբարան եղած է, աշխարհիկ ու հոգեւոր հաւաքներ անցընելու տեղ: Զարդաքանդակները, ճարտարապետական մանր տարրերը՝ խաչքարերը եւ տապանաքարերը բաշխուած են գաւիթին միայն արեւելեան մեծ կամարախորշերուն մէջ:
Որմնամոյթերու միջեւ կցուած են կամարները, որոնցմով գաւիթը կը բաժնուի ընդլայնական թաղով ծածկուած ութ հատուածներու:
Գաւիթին ներսը, արեւելեան պատ-որմնախորշերուն մէջ ագուցուած են վեց գեղաքանդակ խաչքարեր, բազմաթիւ զարդանախշերով ու պատկերաքանդակներով սալաքարեր: Հարաւային եկեղեցւոյ մուտքին անկիւնը դրուած է շքեղ տապանաքար մը, որուն վրայ քանդակուած է. «Այս է տապան տէր Յոհանիսի որդի Կարապետին ՌՄԽԷ (1798)» արձանագրութիւնը: Խաչքարերէն երկուքին վրայ այդ դարաշրջանի տարազով մարդ մը պատկերուած է:
Երրորդ եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երրորդ եկեղեցին կը գտնուի բլրան ամենաբարձր տեղը, գաւիթէն չորս մեթր արեւմուտք: Անիկա ունի բարձր, սլաքաձեւ թաղ մը, կիսաշրջանաձեւ-բեմ մը: Դրան երեսակալները, ամբողջ պատը զարդանախշուած են զանազան նախշերով: Շեմին քարը կիսաշրջանաձեւ է: Մուտքի վերին երկու կողմերը թռչուններ են՝ գլուխները փշրուած: Արեւմտեան ամբողջ պատին արտաքին մասը պատուած է խաչազարդ սալաքարերով, որոնցմէ մէկուն վրայ հետեւեալ արձանագրութիւնը փորագրուած է. «ԶԽաչենիկ վարդպետ Ս. եկեղեցոյ յաղաթ յիշեցէք ի Քտ»: Եկեղեցւոյ ներսը քարի մը վրայ գրուած է. «Թուին ՉԺԹ (1270) ... Ի տէրուլեան... տր. Ստեփանոսի, յեպիսկոպոսութեան տր Ներսիսի. ես Մխիթար որդի Խ... կանգնեցի զխաչս»:
Չորրորդ եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բռի եղցի յուշարձանախումբին հարաւային կողմը, բլրան ստորոտին՝ գիւղին շեմին կը գտնուի չորրորդ եկեղեցին, որ համեմատաբար փոքր է կոպտատաշ սալաքարերով պատուած: Շինութեան ծածկոյթը փլած է, արեւմտեան մասը դուրսէն պատուած է տարբեր մեծութեամբ տասնեակ խաչքարերով: Արեւմտեան մասին մէջ բացուող միակ մուտքը զարդարուած է քանդակներով: Դիմացի կիսակամար քարին կեդրոնը խաչ մըն է, շուրջը ճատրակի ձեւով զարդեր, իսկ երկու կողմերը տեղադրուած են մէկական սիրամարգի բարձրաքանդակներ: Այդ նոյն պատին արեւմտեան վերնամասը փորագրուած է հինգ տողնոց արձանագրութիւն մը, որու տողերուն սկիզբը երկու քարեր չեն պահպանուած, իսկ մնացածներն ալ կիսափուլ վիճակի մէջ կը վկայեն, որ եկեղեցին կառուցուած է Աղուանից Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ անոր կրտսեր եղբօր Ներսէս կաթողիկոսին օրով, 1235-էն առաջ:
Նոյն արձանագրութեան կողքին պահպանուած է ճարտարապետին յիշատակագիր արձանագրութիւնը. «ԶՇահէն վարդապետ եկեղեցոյս յիշեցէք ի տր.»:
«Այսպիսով «Բռի եղցի» յուշարձանախումբին ստեղծման մէջ երկու ճարտարապետներու անուններ կը նշուին, որոնցմէ Խաչիկ Բ. Անեցին կառուցած է եկեղեցի մը եւ որմնափակ խաչքար մը, իսկ Շահէնը՝ եկեղեցի մը»:
Ինչ կը վերաբերի միւս յուշարձաններուն, որոնց Մակար վարդապետ Բարխուտարեանց բեմ կ'անուանէ, անոնք պարզապէս որմնափակ խաչքարեր են՝ երեք կողմէն շրջափակուած սովորական պատերով, իսկ արեւմտեան որմնախորշին մէջ ագուցուած են խաչքարեր: ԺԳ. դարուն կառուցուած այդպիսի որմնափակ խաչքարեր պահպանուած են Հադրութի, Դահրավի, Գտչավանքի եւ Վանքի մէջ:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շահէն Մկրտչեան․ Լեռնային Ղարաբաղի Պատմաճարտարապետական Յուշարձաններ