Jump to content

Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ համայնք

Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ համայնք

Հայ Կաթողիկէ համայնքը, Բերիոյ մէջ հին ժամանակներէ ներկայութիւն է: Սակայն յայտնի չէ, թէ ե՞րբ սկիզբ առած է: Եթէ Հռոմի Ս. Աթոռին հաղորդութեան մէջ եղող եպիսկոպոսներու շարքին նայելու ըլլանք, ապա հոն կը տեսնենք, թէ առաջինն է Աբրահամ Արծիւեան Եպիսկոպոսը՝ հիմնադիր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Սակայն այս մեծ անձնաւորութենէն առաջ, այլ նախորդ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու գոյութիւնը կը հաստատէ մեզ լիովին պատմութիւնը: Ահա Փլորենտեան Սուրբ Ժողովին, 1439 թուականին՝ Հայոց Կոստանդին Ե. Պատրիարքին կողմէ Բերիոյ Յովակիմ Եպիսկոպոսական ալ ներկայ կը գտնենք: (Ինչպէս Հայր Միքայէլ Չամչեան կը յիշատակէ իր պատմութեան մէջ): Նմանապէս Կալանոս Առաքելական նուիրակը, իր Ա. հատորին մէջ 172, եւ կ’աւելցնէ, թէ Յովակիմ Եպիսկոպոս յատկապէս գովուեցաւ Եւգինէոս Դ. Սրբազան Պապէն՝ Հայոց տրուած Կոնդակին մէջ: Ինչպէս նաեւ 1563 թուականին Հռոմի Սուրբ Վլասայ ուխտատեղիին այցելուներուն մէջ կը յիշուին Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ : Հայ կաթողիկէ համայնքի Հալէպի առաջնորդարանը կը գտնուի Թիլէլ փողոցի վրայ, անոր բացումը կատարուած է 1954 թուականին, ձեռամբ՝ Արհիապատիւ Տ. Ալոզիոս Արք. Պաթանեանի: 1954-ին Հալէպի Թեմին առաջին պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ արաբերէն, իսկ 1960-ին՝ Հայերէն: Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրեր 1899 թուականին Հայ Կաթողիկէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու (Մայրապետներու) խումբ մը կը հասնի Հալէպ օրուան Թեմին Առաջնորդ Արհի. Տէր Աւետիս Արքեպիսկոպոս Թիւրքեանի խնդրանքին վրայ՝ կը հիմնուի առաջին որբանոցը՝ հայ աղջիկներուն՝ Հալէպի մէջ: Յետագային, համայնքի աղջիկներու դաստիարակութեան համար Վարժարան մը կը բանան Թիլէլի փողոցին վրայ զայն անուանելով« Անարատ Յղութիւն» վարժարան, որ սակայն 1967 թուականին կը փակուի եւ ապա շէնքը պարպուելէ ետք կը ծախուի 1972-ին: 1915-ի ջարդերէն ետք, Հայ Մայրապետները կը տարածուին Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ինչպէս Գամիշլի, Հասաքէ, Դամասկոս, Ճարապլուս, Քէսապ, հոն կը հիմնեն դպրոցներ եւ որբանոցներ: Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերը երկար տարիներ կը ծառայեն նաեւ ժողովրդապետութեանց մէջ, որ Հալէպի շրջակայքը կը գտնուին ինչպէս Ճեպէլ Սէյտէ (Շէյխ Մագսուտ կամ Խորդլախ), Հէօլլիւք, Աշրաֆիէ եւ Րագգա քաղաքը

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայերը Հալէպի պատմութեան մէջ