Բերանի Խլիրդ

Բերանի խլիրդը բերանի բջիջային անբնական բազմացում եւ աճումն է: Այս խլիրդը կրնայ գտնուիլ բերանի զանազան մասերուն մէջ, օրինակ շրթունքներուն, լեզուին, լինտերուն, լեզուակին, քիմքին, նշագեղձերուն, ամբողջ բերնի ներքին մակերեսին, բերանաըմբանին եւ ենթալեզուային տարածութեան մէջ:

Բերնի խլիրդը կը պատահի առանց սեռի եւ կամ տարիքի խտրութեան, սակայն աւելի յաճախատանութեամբ կը պատահի երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, եւ յատկապէս տղամարդոց մօտ:

Ախտապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերանի խլիրդի ախտապատճառներէն են՝

  • Արեւու ճառագայթը, իսկ շրթունքի խլիրդի պարագային չոր ու ցուրտ օդը[1]
  • Ծխախոտ գործածել
  • Ալքոլի գործածութեան մոլութիւն
  • Տռփախտ

Լեզուի խլիրդի պարագային ախտապատճառներ կը համարուին նաեւ սուր ակռաներու կողմէ հասցուած վնասները եւ վէրքերը, եւ ան յաճախակի կը պատահի գլանիկ (cigarette) եւ cigar գործածողներու մօտշ իսկ շրթունքի խլիրդի պարագային յաճախակիօրէն տեսնուած է ծխամորճ (pipe) գործածողներու մօտ:

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերնի խլիրդի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս աւելի կանուխ կը կատարուի մարմնի այլ անդամներու խլիրդներու ախտաճանաչումներու բաղդատած:

Բժիշկը առաջին հերթին ընդհանուր քննութեան միչոցով կը կատարէ նախնական ախտաճանաչումը, որմէ ետք ան պզտիկ կտոր մը կ՛առնէ այդ վէրքէն եւ ախտաբանական քննութեան կ՛ուղղարկէ: Այս ախտաբանական քննութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ բժիշկը կ՛իմանայ խլիրդի տեսակը եւ բոլոր մանրամասնութիւնները:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերնի իւրաքանչիւր մասի խլիրդը ունի իրեն համապատասխան ախտանշաններ: Բոլորի պարագային ալ բերնի մակերեսը կը կորսնցնէ իր սահուն վիճակը, եւ ի յայտ կու գան խոցեր, ճեղքեր, փոսիկներ, ուռեր, որոնք կ՛արիւնին եւ կը հոտին: Ընդհանրապէս բերնի բոլոր մասերու խլիրդները կը յառաջացնեն ցաւ, կլլելու եւ ուտելու դժուարութիւններ եւ արիւնահոսում:

Բերնի խլիրդը կրնայ արգելք հանդիսանալ շրթունքի շարժումներուն, իսկ լեզուի խլիրդը խօսելու, կլլելու եւ ուտելու դժուարութիւններ կը պատճառէ, ինչպէս նաեւ լեզուի շարժումներուն արգելք կը հանդիսանայ:

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկեր:2E2298D4-DF5D-41AA-841C-C28A93756793.jpeg

Բերնի խլիրդի դարմանումը աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ երբ ախտաճանաչումը աւելի կանուխ կը կատարուի: Երբ բժիշկը կը կատարէ ախտաճանաբումը, անոր հետ միատեղ ի յայտ կը բերէ նաեւ աւշագեղձերու իրախիճակը, անոնց թիւը, առողջ կամ հիւանդագին երեւոյթը եւ անոնց վարյը, որոնց հիման վրայ կը կատարուի դարմանումը:

Դարմանումի համար կան երեք տեսակներ, որոնք են՝ վիրահատութիւն, Ք.Ճառագայթ (X-Ray) եւ հակաախլիրդային դեղեր (Chemotherapy): Այս տարբեր դարմանումները կրնան կատարուիլ երեքը միասին, երկուքը, եւ կամ իւրաքանբիւրը անջատաբար՝ նկատի ունենալով խլիրդի չափը, վայրը, հիւանդագին աւշագեղձերու յայտնաբերումը եւ աստիճանաւորումը:

Վիրահատումի պարագյին կրնայ ըլլալ մասնակի եւ կամ ամբողջական: Երբ հիւանդը ունի աւշագեղձեր, այս պարագային խլիրդի վիրահատումին հետ կը կատարուի նաեւ վիզի աւշագեղձերու վիրահատութիւն (neck dissection), որովհետեւ անոնք կը գտնուին վիզին երկու կողմերը:

Դարմանումի այս երեք միջոցներն ալ ունին իրենց դժուարութիւնները, որոնք պէտք է համբերութեամբ հետեւիլ, սակայն բերանի խլիրդի դարմանումի պարագային այս մէկը ամէնէն երկարատեւն է:

Կանխարգիլման Ձեւեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թելադրութիւններ՝ կանխարգիլելու համար բերանի խլիրդը.

  • Ծխախոտ եւ իր բոլոր ձեւերը չգորղաղել.
  • Ալքոլ չխմել եւ կամ շատ չափաւոր ձեւով.
  • Զգուշանալ արեւու ճառագայթէն եւ շատ չոր ու ցուրտ օդերէն.
  • Սուր ակռաներ չունենալ եւ ակռաներով չխածնել լեզուն, շրթունքը եւ կամ բերնի ներքին մասը.
  • Բերնի մէջ անբնական երեւոյթի մը պարագային անմիջապէս դիմել բժիշկին.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Շրթունք Եւ Շրթունքի Հիւանդութիւններ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2017-02-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-03-29-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-29 

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]