Բամբային տարածութիւնն է 1․200․000 քլ²։ Գրեթէ ամբողջութիւն մը կազմած այդ անսահման արօտավայրերը բնական շրջան մըն են․ ընհատուած են միայն Պահիա Պլանքա եւ Թանտիլ քաղաքներուն մօտ գտնուող բլուրներէն՝ 1500 եւ 500 մեթր բարձրութեամբ։
Յաճախակի հրդեհներուն պատճառով, բամբային մէջ կը բարգաւաճին փոքր բոյսերը։ «Բամբային խոտ»ը (Cortaderia selloana) բամբային իւրայատկութիւնն է եւ կ՛ընդգրկէ մշտատեւ դալարիք եւ խոտ։ Տեղէ տեղ խոտի տեսակները կը տարբերին ստացուած ջուրի քանակութեան պատճառով։
Անսահման բամբանԽոնաւ բամբան․ տարածուած է Պուէյնոս Այրես նահանգին արեւելեան մասին մէջ եւ Էնթրէ Ռիոս նահանգին հարաւը․
Կիսաչոր բամբան․ տարածուած է Պուէյնոս Այրես նահանգին արեւմուտքը եւ Սանթա Ֆէ, Քորտոպա եւ Լա Բամբա մերձաւոր շրջանները։
Բանբան Հարաւային Ամերիկայի հացահատիկի, եգիպտացորենի եւ անասնապահական պարէնի արտադրութեան մեծագոյն շրջանն է։ 2000-էն ետք, բամբային մէջ զարգացաւ այգեգործութիւնը․ կ՛արտադրուի «Պուէյնոս Այրեսի գինիները» կամ «Մետանոս» կոչուած գինին։ Այդ մշակումները կ՛ողողուին երբ զօրաւոր անձրեւ կը տեղայ։