Jump to content

Աֆրիփետիա Նախագիծ

Աֆրիփետիայի օգտատէր Քուլիքորոյի մէջ, Մալի
13 համալսարաններու տեղաբաշխումը, ուր Կիւիքսին կցուած է Աֆրիփետիա նախագիծը

Աֆրիփետիա Նախագիծ (անգլ.՝ Afripedia Project), սկսած է Յունիս 2012-ին եւ կը գործ է մինչեւ օրս։ Նպատակը Ֆրանսախօս Ափրիկէի մէջ Ուիքիփետիայի անցանց հասանելութեան ստեղծումն է եւ ափրիկեցիներուն Ուիքիփետիայի մէջ ներդրումներ ընելու աշխատանքն խրախուսումը[1]։ Նախագիծը կը տեղադրէ տեղական Քիւիկս անլար եւ գործնական ծառայութեան ծրագիրներ եւ կ'ապահովէ ուսուցման եւ սպասարկման աջակցութիւն[2]։

Հիմնադիր գործընկերներն են Ուիքիմետիա Ֆրանսան, Ֆրանսական Ուսումնարանը եւ Ֆրանքոֆոնիայի Համալսարանական Գործակալութիւնը[3]։ Ֆրանսերէն կը խօսի Ափրիկէի բնակչութեան մօտաւորապէս 120 միլիոնը (2010)՝ 24 ֆրանքոֆոն երկիրներու տարածքին[4]։

Աֆրիփետիա Նախագիծին իրականացումէն առաջ Ուիքիփետիայի հասանելութիւնը Ափրիկէի մէջ տարածուած էր USB-բանալիով[1][5]։ Համագործակցող համալսարաններէն շատերը ունին համացանցի թոյլ հասանելիութիւն, իսկ որոշ համալսարաններ ընդհանրապէս համացանցի հնարաւորութիւն չունին[2]։

Նախագիծը կ'առաջարկէ նաեւ Ուիքիփետիայի քոյր նախագիծերէն Ուիքիբառարանը[5]։ Որեւէ բովանդակութիւն, որ նախապէս կը տեղաւորուի ZIM-ի ֆայլին մէջ, կրնայ փոխանցուիլ Աֆրիփետիայի ցանցին վրայ[6]։ Օրինակ՝ Project Gutenberg-ն ու Ուիքիդարանը առկայ են իբրեւ ZIM ֆայլեր[7][8]։

Նախագիծը կը խրախուսէ նաեւ Աֆրիփետիա ակումբներու ստեղծումը տեղական օգտատէրներու համար[9]։

Նախագիծը նկարագրուած է որպէս կարեւորագոյն քայլ՝ Ափրիկէի մէջ համացանցի հասանելիութեան զարգացնելու ուղղութեամբ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]