Աւնի Իսհագ
Աւնի Իսհագ | |
---|---|
Ծնած է | ծնած է 1860-ին Դամասկոսի ջարդերէն քանի մը ամիս առաջ |
Ծննդավայր | Դամասկոս |
Քաղաքացիութիւն | Դամասկոս, Պէյրութ, Եգիպտոս |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ազդուած է | էտիպ-էն որ եղբայրն է |
Ազդած է | Իր ծառայութիւնը մեծապես կը գնահատուի եւԻր ծառայութիւնը մեծապես կը գնահատուի եւ Օսմանեան կառավարութիւնը Օսմանիէի շքանշան կուտայ իրեն, իսկ Թունուզի կառավարիչն ալ Ա.կարգի շքանշան մը |
Աշխատավայր | պարբերաբար կը գտնուի Եգիպտոս որպէս թերթի խմբագիր, Ագգայի Ատեանին պետ, Նապուլուսի դատարանին խորհրդատու, Երուսաղեմի եւ Պեյրութի դատարաններու պետ, կ'ըլլայ յայտնի փաստաբան, Արաբերէնի կը թարգմանէ Օսմանեան Կայսրութեան Ոճրադատ Ատեանի Օրէնադրութիւնը պէտք եղած լուսաբանութիւններով, կ'ըլլայ Պէյրութի քաղաքապետարանի փաստաբանը, ինչպէս նաեւ պետական այլ հաստատութեանց փաստաբան: |
կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւնի Իսհագ, ծնած է 1860-ին Դամասկոսի ջարդերէն քանի մը ամիս առաջ, Զուլմաթեան ընտանիքին պատմականը արդէն իսկ ըրինք, եւ այս առթիւ կրկնելու հարկ չկայ, փոքրիկ Աւնի Դամասկոսի Լազարիստներու քանի մը տարի յաճախելէ յետոյ, ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ ու հերագրատան մէջ պաշտօնեայ կ'ըլլայ, ինքնաշխատութեամբ, իր եղբօր Էտիպին հետ յամառ ընթերձման շնորհիւ օր ըստ օրէ կը զարգանայ, ժամանակ մը յետոյ կը հրաժարի պաշտօնէն եւ կը միյանայ իր եղբօր Էտիպին, որ կամաւոր աքսորեալ մըն էր արտասահման՝ իր ազատական գաղափարներուն եւ ջերմ հայրենասիրական քերթուածներուն համար, պարբերաբար կը գտնուի Եգիպտոս որպէս թերթի խմբագիր, Ագգայի Ատեանին պետ, Նապուլուսի դատարանին խորհրդատու, Երուսաղեմի եւ Պեյրութի դատարաններու պետ, կ'ըլլայ յայտնի փաստաբան, Արաբերէնի կը թարգմանէ Օսմանեան Կայսրութեան Ոճրադատ Ատեանի Օրէնադրութիւնը պէտք եղած լուսաբանութիւններով, կ'ըլլայ Պէյրութի քաղաքապետարանի փաստաբանը, ինչպէս նաեւ պետական այլ հաստատութեանց փաստաբան։
Իր ծառայութիւնը մեծապես կը գնահատուի եւ Օսմանեան կառավարութիւնը Օսմանիէի շքանշան կուտայ իրեն, իսկ Թունուզի կառավարիչն ալ Ա.կարգի շքանշան մը։
Սահմանադրութեան հռչակումին, դատարանի խորհրդատու կը նշանակուի, Ֆրանսացիներու գրաւման առթիւ բազմաթիւ բարձր պաշտօններ կ'առաջարկուին իրեն, սակայն ինք կը մերժէ ու հանրային կեանքէ քաշուած տիպար մեծ հօր մը կեանքը կ'ապրի ընտանիքին մէջ
[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 181։