Աւետիս Կիտանեան

Աւետիս Կիտանեան
Ծնած է 21 Նոյեմբեր 1966
Քաղաքացիութիւն լիբանանցի
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Լիբանանեան Համալսարան
Կարողութիւն

Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար

Վանայ Ձայնի տնօրէն
Մասնագիտութիւն Բնագիտութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Մարի Քոկաքեան
Երեխաներ 2

Աւետիս Կիտանեան (արաբերէն՝ أواديس كيدانيان‎, ծն.՝ 21 Նոյեմբեր 1966[1]), Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար:[2] Ան նաեւ անդամ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 Նոյեմբեր 1966-ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք Լիբանանեան Համալսարանին մէջ բնագիտութիւն ուսանած է:[1]

Կուսակցական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիտանեան անդամ է Հ.Յ.Դաշնակցութեան, ուր ան շատ գործեր ստանձնած է: Ընտրուած է Զաւարեան Ուսանողնական Միութեան պատասխանատու եւ կուսակցութիւնը ներկայացուցած է լիբանանեան կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ համագումարներու: Մասնակցած է Ղազախիստանի եւ Քամպոտիայի մէջ կայացած քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարներուն:[1]

1998-ին, առաջին անգամ ըլլալով, ընտրուած է ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ: 2001-էն 2005, ան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վերակացուն էր։ 2009-էն ի վեր, ան Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնն է: 2015-ին ընտրուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխ ներկայացուցիչ:[1]

Անձնական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնացած է Անի Քոկաքեանի հետ եւ ունի 2 զաւակ:[3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]