Աւագ Երեքշաբթի

Աւագ երեքշաբթին (յուն․՝ Μεγάλη Τρίτη) Աւագ Շաբաթուան երեքշաբթին է[1]. նկատուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրը եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։

Այս օրը նաեւ անուանուած է որպէս «Յիշատակ տասը կուսանաց», որ սակայն ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի Քրիստոսի կատարած առաքելութեան հետ, պարզապէս առնուած է օրուան Աւետարանական ընթերցումներէն։ Օրուան շարականներն ալ ընդհանրապէս այս նիւթին մասին են։

«Տասը կոյսերու» առակը ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան հետ. ան կ՛ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս եւ երկինքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերուն նման: Օրուան աւետարանական ընթերցուածը կը պատմէ «Տասը կոյսերու» առակը (Մատթէոս 25.1-13), որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց Զատիկը նախորդող Աւագ երեքշաբթի օր[2]:

Աւագ երեքշաբթի օր Եկեղեցին Տասը կոյսերու առակին կողքին նաեւ կը յիշատակէ Վերջին դատաստանին խորհուրդը, ջրհեղեղը եւ մարդկութեան կրկին անգամ սկիզբ առնելը։

Աւագ երեքշաբթին ստեղծագործութեան երրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է երրորդ ժամանակաշրջանին, երբ ջրհեղեղը ողողեց ամբողջ աշխարհը, Նոյի միջոցաւ մարդկային ցեղին վերսկզբնաւորումը եւ ատկէ ետք լեզուներու խառնակումը[3]։

Երեկոյեան ժամերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին «Տասը կոյսերու» առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներէն ներս: Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ` ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած: Երբ աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ: Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ՛ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ ՅԻՄԱՐ: Անոնց, որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները` վառած կը պահեն զանոնք[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Աւագ երեքշաբթի յիշատակվում է «Տասը կոյսերի» առակը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ ապրիլի 3 
  2. 2,0 2,1 «Աւագ Շաբաթը Քրիստոնեայի Կեանքին Մէջ Առանցքային Նշանակութիւն Ունի, Որովհետեւ Կոտրեցաւ Երկինքի Անմատչելիութիւնը, Եւ Աստուած Հաշտեցուց Երկինքն Ու Երկիրը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-12 
  3. «ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-12