Jump to content

Արսէն Քհնյ. Յարութիւնեան

Տէր Արսէն Քհնյ. Յարութիւնեան բնիկ այնթապցի Տէր Արսէն քհնյ. Յարութիւնեանն է, որուն աւաղանի անունն ալ Արսէն է, ծնած է Այնթապ 1865-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնթապի ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք բուռն փափաք ունեցած է բարձրագոյն ուսում ստանալու։

Նիւթապէս ինքզինք գտնելէ ետք կ'ամուսնանայ հայրենակից օրիօրդի մը հետ, Այնթապի մէջ։

Կրթական աշխատանքներու կողքին, ազգային պատասխանատու գործերուն ալ կը լծուի եւ շնորհիւ իր պատրաստութեան, կրթական եւ ազգային մարդին մէջ բերած նորութիւններուն ու մատուցած ծառայութիւններուն, շրջանակին հանրածանօթ կ'ըլլայ ու վարկը կը բարձրանայ։

Իր վարդապետական առաջին պատարագը կը մատուցանէ Քեսապի մէջ։ Թեմական այցելութիւնները աւարտելէ ետք, կաթողիկոսին հրաւէրով կը վերադարնայ Սիսի մայրաքաղաքը՝ կարեւոր ժողովի մը ներկայ գտնուելու համար։

Ըստ Բերիոյ Թեմին արխիւներուն, Անտիոք կապուած էր Բերիոյ թեմին, եւ ունէր իր երեսփոխան ներկայացուցիչները Բերիոյ թեմին Գաւառական Ժողովին մէջ։

Ափսո՜ս, որ ժողովական իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք երկար չ'ապրիր. 1909-ին թուրքերուն կողմէ կազմակերպուած հայկական ջարդին զոհ կ'երթայ ոչ միայն ինք, այլեւ Տէր Արենակն ու այլ եկեղեցականներ։ Թուրքերը զինք ձերբակալէ ետք նախ մօրուքը կը բռնկըցնեն, ապա բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկելէ ետք կը սպաննեն։

Ան կը նահատակուի 7 Ապրիլ 1909-ին, Աւետեաց տօնին։ Իր մասին կը գտնենք հետեւեալ գրութիւնը.-«Երջանկայիշատակ հովիւէն շատ բան կը յուսացուէր Անտիոքի վիճակը րարւոքելու եւ կազմակերպելու համար: Ինչպէս Վարդանան խումբին Արսէնը, ինքն ալ նոր Վարդանանցի կ'ընկերանար իր նահատակութեամբ: Օրհնեա՜լ ըլլայ իր յիշատակը»Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 75-78։։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]