Արշակ Փոլատեան

Արշակ Փոլատեան
Ծնած է 1950
Ծննդավայր Սուրիա
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ

Արշակ Փոլատեան (1950, Սուրիա), դեսպան, արաբագէտ, աղբիւրագէտ, քրտագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսօր։

Երկար տարիներ եղած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ 2014 տարուան վերջաւորութեան Դամասկոսի «Շարք» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ (փաստաթուղթերու հաւաքածոյ)» վերնագիրով արաբերէնով գիրքը, զոր հեղինակը ձօնած է «վայրագօրէն զոհուած անմեղ նահատակներու հոգւոյն»[1]:

14 Նոյեմբեր 2018-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Դամասկոսի «For Seasons» պանդոկէն ներս կազմակերպած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի հրաժեշտի երեկոն՝ անոր պաշտօնավարումին աւարտին առիթով։ Երեկոյթին ընթացքին դեսպանին շնորհուած է Սուրիական Արժանաւորաց Առաջին Կարգի Շքանշանը, առ ի գնահատանք բարեկամ երկիր Հայաստանին եւ մեծարանք ազնիւ ու ջանասէր դեսպանին[2]։

2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով նշանակուած է Թունիսի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան[3]։

26 Սեպտեմբեր 2021-ին, իբրեւ գնահատանք քիւրտ ժողովուրդի պատմութեան, ժառանգութեան եւ թարգմանութեան բնագաւառներուն մէջ ունեցած ջանքերուն եւ այդպիսով քիւրտ ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն, ընտրուուած է Իրաքեան Քիւրտիստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]