Արշակ Վռամեան
Արշակ Վռամեան | |
---|---|
![]() | |
Ծննդեան անուն | Օննիկ Դերձակեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Արշակ Վռամեան |
Ծնած է | 1871[1] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 4 Ապրիլ 1915 |
Մահուան վայր | Բիշերի, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Մասնագիտութիւն | Յեղափոխական, քաղաքական գործիչ |
Աշխատավայր |
Դրօշակ Հայրենիք |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր[2] եւ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ. |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Արշակ Վռամեան (բուն անունով՝ Օննիկ Դերձակեան, 1871[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Ապրիլ 1915, Բիշերի, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Սուրէնեան վարժարանին մէջ, ապա 1889-ին Լեւոն Շանթին հետ կ’երթայ Էջմիածին, ուր կ’աւարտէ Գէորգեան Ճեմարանը։ Պոլիս վերադարձին, ռուսական նամակատան մը մէջ կը նպաստէ շոգենաւերու ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օկիմտա ծածկանունով կ’աշխատակցի Շահնազարի հրատարակած «Հայրենիք»-ին։
10 Օգոստոս 1896-ին կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման աշխատանքներուն, կը հալածուի եւ ամիս մը ռուսական հիւպատոսարանին մէջ պահուըտելէ ետք, կ’ապահովէ Պուլկարական անցագիրը եւ կ’անցնի Ֆիլիպէ, ուր կը զբաղի հրապարակախօսութեամբ։ 1898-ին կը մեկնի Ժընեւ, ուր կը ստանձէ Դաշնակցութեան Արեւմտեան բիւրոյի գործավարութիւնը եւ միաժամանակ կ’աշխատակցի «Դրօշակ»-ին։ Կ’անցնի Ամերիկա, ուր գործօն կերպով կը մասնակցի շրջանին մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ստեղծման աշխատանքներուն եւ կը խմբագրէ Պոսթըն-ի «Հայրենիք»-ը։
1907-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ Սահմանադրութեան հռչակման ատեն, հասարակական գործերու պատասխանատուութեամբ կ՛երթայ Վան, ու ապա կը վերադառնայ Պոլիս՝ աշխատակցելով «Ազատամարտ»-ին։ Կուսակալ Ճեւտէթ «Վանայ Իշխան»-ը կը սպաննէ։ 1908-ին, երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, կ’ընտրուի Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ 4 Ապրիլ 1915-ին զոհ կ՛երթայ դաւադրութեան մը։