Արմենակ Սալմասլեան

Արմենակ Սալմասլեան
Ծնած է 10 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-10)[1]
Ծննդավայր Բուրսայի մարզ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 7 Յունուար 1971(1971-01-07)[1] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Մասնագիտութիւն գիտնական
Վարած պաշտօններ տնօրէն

Արմենակ Սալմասլեան (10 Դեկտեմբեր 1888(1888-12-10)[1], Բուրսայի մարզ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 7 Յունուար 1971(1971-01-07)[1], Փարիզ), իրաւաբան, յայտնի անուն եղած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ իբրեւ գրադարանապետ։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պրուսայի շրջանի Մխալիջ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանին (1900-1906), ապա ուսանած է ամերիկեան «Ռոպերթ» քոլէճին մէջ (1906-1911)։

1911-ին մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին (1911-1914)։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920-1922-ին իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան քարտուղար աշխատած է, իսկ 1922-1930-ին՝ իբրեւ Պարսկաստանի Փարիզի մէջ պատուակալ հիւպատոս Ներսէս խան Ներսէսեանի անձնական քարտուղար։

Եօթը տարի իրաւաբանական գրասենեակի մը մէջ աշխատելէ ետք, 1940–1947-ին դարձած է Փարիզի ազգային մատենադարանի արեւելեան լեզուներու բաժնի վարիչը, 1951-էն՝ Նուպարեան մատենադարանի տնօրէնը։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1921-ին հրատարակած է ֆրանսերէն տնտեսագիտական-իրաւական աշխատութիւն մը՝ “La clause de la nation plus favorisée” («Ամենէն նպաստաւորուած ազգին դրոյթը»), իսկ յաջորդ տարի ստացած է իրաւաբանութեան դոկտորի տիտղոսը։

Հայագիտական յօդուածներով թղթակցած  է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։

1946-ին լոյս  տեսած է Սալմասլեանի «Հայկական մատենագիտութիւն» աշխատութիւնը, որ լրացուած եւ ճշգրտուած տարբերակը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, 1969-ին։ Ան կը ներառէ հայագիտութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ օտար լեզուներով մինչեւ 1965 լոյս տեսած հետազօտութիւններ։

1967-ին Սալմասլեան արժանացած է Երեւանի Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալին[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. «ԱՐՄԵՆԱԿ ՍԱԼՄԱՍԼԵԱՆ (մահ՝ 7 Յունուար, 1971)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ 2024-01-04։ արտագրուած է՝ 2024-01-10 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։