Jump to content

Արեւու խաւարում

Արեւու խաւարում տեղի կ'ունենայ, երբ երկրագունդը, լուսինը եւ արեւը նոյն գիծին վրայ կը գտնուին: Երբ լուսինը կու գայ արեւը ծածկելու, ասիկա արեւու խաւարում կ'ըլլայ:

Խաւարման տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունին արեւու երեք տարբեր խաւարումներ՝

  • ամբողջական խաւարում, երբ լուսինը ամբողջովին արեւը կը ծածկէ,
  • օղակային խաւարում, երբ լուսինը արեւուն ամէնէն մօտը կը գտնուի, եւ այս պարագային լուսինը արեւէն աւելի փոքր կը թուի, ու երկիրէն կ'երեւի օղակ մը՝ լուսինին շուրջ.
  • մասնակի խաւարում, երբ արեւը եւ լուսինը ամբողջովին նոյն գիծին վրայ չեն գտնուիր. լուսինը կը ծածկէ արեւէն միայն բաժին մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]