Արեւելեան Ծանուցմունք
Արտաքին տեսք
«Արեւելեան ծանուցմունք», շաբաթաթերթ՝ արեւելեան առաջին պարբերականը։ Լոյս տեսած է 1816 թուականին, Աստրախանի մէջ։ Հրատարակման նախաձեռնողներին էին Աստրախանի գիմնազիայի գերմաներէնի ուսուցչուհի Ի. ֆոն Վեյսքհովենը եւ Կ. Շահուերդեանը։
Թերթը տպագրած է գաւառագիտական, գիտամատչելի եւ գրական նիւթեր, օդերեւութաբանական տեղեկութիւններ։ Հրապարակուած են տեղեկութիւններ Կասպից ծովին մէջ նաւագնացութեան մասին, առեւտրական յայտարարութիւններ, որոնք հետաքրքրութիւն ներկայացուցած են գլխաւորապէս վաճառականներու համար։ Թերթը զգալի տեղ տուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ազգագրութեան։
«Արեւելեան Ծանուցմունքը» լոյս տեսած է նախ ռուսերէն («ռուս.՝ Восточшя известия», 1813 թուականէն) տարբերակով, ապա իսկ 1816-ին՝ միաժամանակ ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներով։