Jump to content

Արենի Գինիի Փառատօն

Արենի գինու փառատօն, գինիի ամէնամեայ համահայկական փառատօն, որ աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը Արենի գիւղին մէջ։

Փառատօնը առաջին անգամ կայացած է 2009-ին։ Զայն կը կազմակերպէ «Արենի գինիի փառատօն» հիմնադրամը։ Արենի գիւղի տարածքին գտնուող քարանձաւին մէջ 2010-ին յայտնաբերուեցաւ աշխարհի ամէնահին գինեգործարանը, որ աւելի մեծցուց փառատօնի կարեւորութիւնը[1]։

Ժամանակի ընթացքին փառատօնը այնքան յայտնի դարձաւ, որ մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ[2]։ Փառատօնի նպատակը գիւղական զբօսաշրջիկութեան զարգացումը, հարուստ պատմութեան, մշակոյթի, երկրի ազգային առանձնայատկութիւններու, Արենիի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ զբօսաշրջիկութեան զարգացման հեռանկարները ներկայացնելն է[3]։

Փառատօնի շրջածիրէն ներս կայացող իրադարձութիւններուն կը մասնակցին ինչպէս բազմաթիւ հիւրեր եւ զբօսաշրջիկներ, այդպէս ալ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Փառատօնի ծրագրին մէջ մշտապէս ներառուած կ՚ըլլան գինիի պատրաստումը, համտեսը, հիւրասիրութիւնն ու վաճառքը, գիւղատնտեսական այլ մթերքներու համտեսը եւ վաճառքը[4][5]։

Իր կազմակերպման այս տարիներու ընթացքին[6] փառատօնը համախմբած է թէ՛ տնական գինիներու՝ պատրաստուած Արենի գիւղի եւ յարակից շրջաններու բնակիչներուն կողմէ, թէ արտադրական գինիներու:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Meg Sullivan (2011-01-10)։ «Chemical analysis confirms discovery of oldest wine-making equipment ever found»։ UCLA Newsroom։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-03-12-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-12 копия Archived 2016-01-07 at the Wayback Machine.
  2. «6 октября в Армении пройдет фестиваль вина «Арени»»։ tert.am։ 2012-09-20։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-12
  3. «Традиционный фестиваль вина пройдет в армянском Арени 6 октября»։ Новости-Армения։ 2012-09-20։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-21-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-12
  4. Рубен Грдзелян (2009-10-20)։ «Фестиваль вина в Арени»։ Голос Армении։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-14-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-12
  5. «Всенародный праздник вина в Армении»։ Мир вина։ 2011-11-07։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-12
  6. ««Արենի գինիի փառատօնը»՝ ԱԿԲԱ-ԿՐԵԴԻՏ ԱԳՐԻԿՈԼ Դրամատան հետ»։ www.acba.am։ արտագրուած է՝ 2019-10-26

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]