Jump to content

Արա Մածունեան

Արա Մածունեան
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Կարողութիւն դերասան, դասախօս
Մասնագիտութիւն Լուսանկարիչ՝ շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզին մէջ
Աշխատավայր ֆիլմեր արտադրող՝

Արա Մածունեան, վաւերագրական ժապաւէններ արտադրող եւ բեմադրիչ: Թատերական հեղինակ, «սինեմաթոկրաֆըր», դերասան, լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս։

Մածունեան շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզին մէջ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոս գեղարուեստից վկայականները ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA)։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մածունեանի հեղինակած է վաւերագրական ժապաւէններեր։ Այդ ժապաւէններու շարքին են․

  • «Master Eddy» (արտադրող, բեմադրիչ եւ խմբագիր, 2021),
  • «Land Without Graves» (արտադրող եւ համաբեմադրիչ, CST TV 1993, Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան եւ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան մասին),
  • «Pagakidz» (արտադրող եւ բեմադրիչ, Argus Pictures 1996, Լոս Անճելըսի մէջ ապրող արուեստագէտներու մասին)
  • «Velvet Revolution» (համաարտադրող եւ սինեմաթոկրաֆըր, 1990, նուիրուած Չեխոսլովաքիոյ մէջ համայնավարութեան անկումին առաջնորդած ընկերային-քաղաքական իրադարձութիւններուն)։

Մածունեան արտադրած եւ բեմադրած է նաեւ վաւերագրական եւ կրթական նիւթերով ֆիլմաշարեր, ինչպէս՝

  • Քալիֆորնիայի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի պատմութեան նուիրուած երեք մասերէ բաղկացած ժապաւէնը (2008),
  • Հայոց ցեղասպանութեան 50 վերապրողներու վկայութիւններու վաւերագրումը (Zoryan Institute for Oral History), 
  • Լեզուի ուսուցման վիտէօներու շարք մը (Monterey Institute for International Studies),
  • Լոս Անճելոսի մէջ մշակութային համարկումի խնդիրներուն նուիրուած 16 մասերէ բաղկացած վիտէօշարքը (Los Angeles County Refugee Project),
  • Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբի ղեկավար Արամ Ղարաբեկեանի յիշատակին նուիրուած յայտագիր[1]։

Անդրանիկ շարժապատկերը՝ «Վարդագոյն Փիղը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արա Մածունեանի անդրանիկ շարժապատկերը՝ «Վարդագոյն Փիղը», շահած է «Փենեվիժըն» մրցանակը եւ ցուցադրուած է շարժապատկերի բազմաթիւ միջազգային փառատօներու ընթացքին։ Քանի մը այլ ֆիմեր եւ պատկերասփիւռի 30է աւելի ծանուցումներ արտադրելու կողքին, ան նաեւ եղած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփռած դրամահաւաքներէն (թելեթոն) ութին արտադրողը։

ֆիլմերու արտադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արա Մածունեան ֆիլմեր արտադրած է նաեւ Չեխիոյ պատկերասփիւռի կայանին, Մոնթերէյի միջազգային ուսմանց հիմնարկին ու Լոս Անճելըս գաւառի գաղթականներու ծրագիրին համար։

Դերասանութիւն եւ դասախօսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան նաեւ դերասանութիւն կատարած է ու հայկական շարժապատկերի մասին դասախօսած է ՀՕՄի կազմակերպած ամառնային ուսմանց ծրագիրներուն ընթացքին։ Անոր նկարահանման վերջին գործը կատարած է «Մելթտաուն» ֆիլմին համար, որ պիտի հրապարակուի Օգոստոս 2015-ին։

«Թռչնոց Բոյն» («Birds՛ Nest») խորագրուած հատոր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ կայանալիք դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին, լուսանկարիչ եւ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստող արուեստագէտ Արա Մածունեան կը խօսի իր նորագոյն նախաձեռնութեան մասին։ Անիկա «Թռչնոց Բոյն» («Birds՛ Nest») խորագրուած հատորն է, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն բազմաթիւ վերապրողներու նոր տունը դարձած Պուրճ Համուտին, որ հրատարակուեցաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին՝ 2015-ին եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40ամեակին առիթներով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԱՐԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ - Darperag21» (en-US)։ 2021-08-16։ արտագրուած է՝ 2022-02-15