Jump to content

Արաքս Մանսուրեան

Արաքս Մանսուրեան
Ծնած է 1 Օգոստոս 1946
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց
Տեսակ օփերա
Կարողութիւն օփերայի առաջնակարգ մենակատար
Մասնագիտութիւն Օփերային երգչուհի
Աշխատավայր Երաժշտանոցի դասաւանդող, օփերային թատրոններու մեներգչուհի:
Ամուսին Յակոբ ծնունդով՝ Եգիպտոսէն
Ծնողներ Տիգրանակերտցի Եղիա Մանսուրեան եւ մայրը՝ Մարաշցի Աննա Փամբուկեան
Երեխաներ Շուշան Պետրոսեան
Կայքէջ arax-mansourian.com

Արաքս Մանսուրեան (1 Օգոստոս 1946, Պէյրութ) Օփերային երգչուհի, սոփրանօ: Արաքս Մանսուրեան իր քաղցրահունչ կարկաչով դիւթած է հանդիսատեսի սիրտը եւ դարձած հայ ազգային օփերայի առաջնակարգ մենակատարներէն մէկը, շնորհիւ իր ձայնի գեղեցիկ հնչերանքին եւ բեմական վառ շնորհին, երգեցողութեան եւ տրամադիկական խաղի գեղարուեստականօրէն համոզիչ համադրութեան, կանացի բազմազան եւ խոր զգացումներու ազնուազարմ դրսեւորումին:

Արաքս Մանսուրեան ծնած է Լիբանան, ուրկէ մէկ տարեկան հասակին, ան իր կիլիկեցի արմատներով եւ Պէյրութի որբանոցի կեանքը ճաշակած ծնողներուն հետ բռնած է գաղթականութեան ճամբան: Հայաստան հաստատուած Մանսուրեաններու ընտանիքը առաջին տարիներուն ապրած է սոսկալի պայմաններու մէջ, սակայն շուտով տարիները բացայայտած են Աննա մայրիկի եւ իր անուշ ձայնով յայտնի Եղիա հայրիկի խնամած զաւակներուն տաղանդը:

երաժշտական ուսումնարան եւ պետական երաժշտանոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքս Մանսուրեան միջնակարգ դպրոցը աւարտելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Ռ.Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան, ուր չորս տարի ուսանելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ աւարտած 1977-ին: Ուսանողական տարիներուն նախկին ԽՍՀՄ քաղաքներու մէջ մասնակցած է երիտասարդ երգահաններու փառատօներուն` կատարելով երիտասարդ երգահաններու վոկալ գործերը, որոնք կը գրուէին յատուկ իր ձայնին համար:

Եղած է շատ հեղինակներու գործերուն առաջին կատարողը` Գ.Չտչեան, Ռ.Սարգսեան, Իւ.Յարութիւնեան, Հ.Մելիքեան, Մ.Վարդազարեան, Մ. Իսրայէլեան, նաեւ եղբօր` Տիգրան Մանսուրեանի վոկալ շարքերու առաջին կատարողն է: Բազմիցս ելոյթներ ունեցած է փրոֆէսր Ռ. Աթայեանի նուագակցութեամբ` ըլլալով կոմիտասեան շարք մը երգերու առաջին մեկնաբանողը, նաեւ առաջին եւ միակ կատարողը Կոմիտասի անաւարտ «Անոյշ» օփերայի:

1974-ին աւարտած է երաժշտանոցը եւ ընդունուած Հայաստանի օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնը` իբրեւ մեներգչուհի: Երգած է շարք մը դերերգեր, որոնցմէ են` Էլիզապէթ («Տոն Կարլոս»), Նեդդա («պայացներ»), Լէոնորա («տրուբադուր»), Աիտա («Աիտա»), Շուշան («Դաւիթ-Բեկ»), Անոյշ («Անոյշ»): Վերջին դերերգը կատարած է նաեւ Թիֆլիսի օփերային թատրոնէն ներս, թումանեանի ծննդավայր Լոռիի մէջ եւ 1989-ին` ԱՄՆ-ի մէջ։

Բազմիցս մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ` երգացանկի մէջ եւրոպական երգահաններու կողքին ունենալով Կոմիտաս, հոգեւոր միջնադարեան երգեր, հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

«Զօրեղ ալիքներով հոգիս կ’ալեկոծէին երգարուեստի այն անցողիկ արժէքները, որոնք մօտ ապագային դարձան կեանքիս ուղեկից սրբութիւններ` հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, Կոմիտասի երգերը, գերմանացի ռոմանտիկներու ժառանգութիւնը: Թատրոնի մէջ առաջին իսկ փոքր դերէն սիրեցի օփերայի ներկայացման տարերքը, որ իւրայատուկ գրաւչութիւն ունի. կերտելու զանազան կերպարներ, ապրիլ անոնց կեանքով եւ ապրեցնել հանդիսատեսը, նպաստել, որ ան հաւատայ այն կերպարին, զոր անձնաւորած ես»,- կ’ըսէ Արաքս Մանսուրեան։


Սերգէյ Փարաջանով Արաքս Մանսուրեանի մասին ըսած է,- «Ողջ կեանքիս ընթացքին ինծի կը թուէր, թէ հոգիիս բազում կարօտներէն կայ մէկը` ժառանգականօրէն հարազատ, արիւնս տակնուվրայ ընող եւ յաւիտենականօրէն անհասանելի… Կը դժուարանայի գտնել անոր ստոյգ անուանումը, սակայն երբ Արաքս Մանսուրեանի կատարմամբ լսեցի հայ հոգեւոր երգերը, հասկցայ, որ ինծի համար պակսողը այդ էր՝ դարերէն եկած հայ ոգեղէնութեան ազնուական ու լուսաւոր մարմնաւորում»:


Աւսրտրալիոյ Սիտնի քաղաքի Օփերա Հաուզի մենակատար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքս Մանսուրեան 19 տարի է, որ կը բնակի Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի մէջ։ 1992-էն ի վեր Սիտնիի Օփերա Հաուզի օփերային թատրոններու մենակատարն է՝ հանդէս կու գայ այնպիսի դերերգերով, ինչպիսիք են’ Լիու («Տուրանդոտ»), Աիտա («Աիտա»), Ֆլորիա Թոսկա («Թոսկա»), Տէզդեմոնա («Օթելլo»), Միմի («Պոհեմ»), Կատիա Կաբանովա («Գաթիա Գապանովա»), Սանթուցցա («Գեղջկական ասպետութիւն»), Ֆաթա Միրգանա («Սէրն առ երեք նարինջներ»), Էլիզապէթ Վալուա («Տոն Կառլոս»), եւ այլն:

Դասաւանդում Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքս Մանսուրեան Զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս` օտարները ծանօթացնելով հայկական երգարուեստի հետ: Անոր շնորհիւ բազմաթիւ օտար երիտասարդ երգիչներու երգացանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն Կոմիտասի, Կանաչեանի, Մելիքեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ:

Իր Առաքելութիւնը Աւստրալիոյ մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքս Մանսուրեան մեծ առաքելութիւն կը կատարէ Աւստրալիոյ մէջ։ Անոր չինացի եւ աւստրալիացի ուսանողները մեծ սիրով կ՚երգեն Կոմիտասի «Հոյ Նազան»ը, «Քելէ, քելէ»ն, եւ կ’երգեն այնքան հարազատ, որ Ա. Մանսուրեանի առաջնորդութեամբ անոնք համերգներով հանդէս եկան Հայաստանի մէջ։

2015 թուականին Հանրապետութեան տօնի առթիւ Արաքս Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով։ Ան պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս»-ի անուան մետալով։

Արաքս Մանսուրեան

անուններ

Մենք կանք… Արաքս Մանսուրեան

Կոմիտասեան երգը ամենուր ինձ հետ է