Jump to content

Արարատ (քաղաք, Աւստրալիա)

Անուան այլ կիրառումներու համար տես՝ Արարատ (այլ կիրառումներ)
Արարատ

Արարատ, քաղաք Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգին մէջ, Մելպուռն  քաղաքէն 200 քմ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Հոփիքինս գետի ափին[1]: Աւստրալիոյ Արարատ քաղաքը հաղորդակցութեան կարեւոր հանգոյց է, հացահատիկի եւ բուրդի առեւտուրի կեդրոն: 2016 թուականին վիճակաչգրական տուեալներուն համաձայն, Արարատի բնակչութեան թիւը եղած է 8,297 մարդ[2]։

Քաղաքի հիմնադրութեան մասին կայ երկու վարկած․

  • Ըստ առաջին վարկածին, անգլիացիները 1840 թուականին հիմնադրած են քաղաքը, որ իր անունը ստացած է իրմէ 8 քմ դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող Արարատ լեռէն: Աւստրալիոյ մէջ եւս կը գտնուի Արարատ լեռ, որ մարած հրաբուխ է, ունի 660 մեթր բարձրութիւն, ծածկուած է լաւաներով եւ տուֆերով, ունի ոսկիի հանքեր: Լերան Արարատ անունը տուած է անգլիացի ագարակատէր Ուիլզը` իր այստեղ բնակութիւն հաստատելը նմանեցնելով աստուածաշնչական Նոյեան տապանի Արարատի վրայ կանգ առնելուն[3]:
  • Ըստ երկրորդ վարկածին, քաղաքը հիմնադրուած է 1857-ին, հայերու կողմէ: Քաղաքը ապա  դարձած է երկրի ամէնէն գործուն  հայ գաղութի կեդրոններէն մէկը:

Քաղաքին մէջ կան երկու հայկական եկեղեցիներ, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններ: Այնտեղ կը գտնուի նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» դպրոցը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ «Ararat - MusicBrainz»։ musicbrainz.org։ արտագրուած է՝ 2020-06-16
  2. ↑ «2016 Census QuickStats: Ararat»։ quickstats.censusdata.abs.gov.au (Անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-16
  3. ↑ «Introduction - Ararat Rural City Community Profile»։ web.archive.org։ 2012-03-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-16