Արարատեան Դաշտի Այր Մարդոց Տարազներ
Արարատեան դաշտի այր մարդոց տարազներ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1918) Վասպուրականէն դէպի Արարատեան դաշտ գաղթած հայերը իրենց հետ տարին իրենց աւանդական տարազները, որոնց ազդեցութիւնը մինչեւ 1930-ական թուականները տեսանելի էին Արարատեան դաշտի տարբեր բնակավայրերու (Երեւան, Էջմիածին, Աշտարակ) ժողովրդական տարազին վրայ։
Արարատեան դաշտի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ տարեց տղամարդիկը շապիկին վրայէն կը հագնէին տաք վերնազգեստ: Իբրեւ ձմեռնային վերնահագուստ կը գործածէին չուխա՝ վերարկու, որ ունէր երեք տարբերակ: Առաջինը տօնական էր՝ պատրաստուած բուրդ նուրբ կերպասէ եւ կը կոչուէր Թեւքաւոր Չուխա։ Ունէր շքեղ զարդարանք։ Չուխայի երկրորդ տեսակը աւելի պարզ էր եւ սահմանուէր առօրեայ գործածութեան: Չուխայի երրորդ տեսակը կը կոչուէր չերքեզկա (երկար, հիմնականը սեւ գոյնի, մէջքի հատուածին փոթեր ունեցող վերնազգեստ):
Հարուստ դասի միջին տարիքի այր մարդիկը ձմրան կը գործածէին նաեւ այծենակաճ՝ այծամազէ պատրաստուած թաղիքով կարուած շատ լայն թիկնոց:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատկերագիրք հայկական տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 32-33։