Jump to content

Արայ Կարմիրեան

Արայ Կարմիրեան
Ծնած է 1923-ին
Ծննդավայր Իսթանպուլ
Մահացած է 25 Սեպտեմբեր 2016
Քաղաքացիութիւն Քանատա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ճարտարապետութեան
Աշխատավայր Երկրաչափութեան ու գրահաշուագիտութեան դասատու
Ամուսին Անելկան Տէր Մարգարեան (Վաստակաշատ կրթական մշակ Արփիար Տէր Մարգարեանի դուստրը)
Երեխաներ Անի Կարմիրեան-Նշանեան

Արայ Կարմիրեան ծնած է 14 Յուլիս 1920-ին, Իսթանպուլի մէջ: Եղած է Մխիթարեանի սան, ապա աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի ճարտարապետութեան ճիւղը, եղած է Երկրաչափութեան ու գրահաշուագիտութեան դասատու, Իսթանպուլի Մխիթարեան Վարժանի Սանուց Միութեան նախ հիմնադիր անդամը: Ապա ատենապետը, եղած է նաեւ Թրքահայոց Ազգային Վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ, Թուրքիոյ Հայոց Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան անդամ: Եղած է Իսթանպուլի Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան վարչական անդամ, դրոշմաթուղթի իր հաւաքածոներով շահած էր միջազգային բազմաթիւ պարգեւներ:

Ընտանիքով գաղթած է Քանատա: Քանատա գաղթելէ տարիներ վերջ ան սկսած է հայերէն գրել ու գրական աշխարհէ ներս ծառայել իր գրելու ու վերլուծելու վարպետութեամբ: Սկսած է, հրատարակել հատորները, որոնց կարգին՝ «Գրախօսականներ ու մտորումներ», «Երազի պէս», «Փունջ մը հայկական երգեր»: Աւելի ուշ հետեւելով իր հօր Գառնիկ Կարմիրեանին, ինք ալ յօրինած է կարգ մը երգեր:

Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան կարող գրիչներէն եւ մեկնաբաններէն նաեւ քննադատներէն մէկը եղող 93-ամեայ Արայ Կարմիրեան 25 Սեպտեմբեր 2016-ին Քանատայի Մոնրէալ քաղաքի մէջ կնքեց մահկանացուն[1]:

Արայ Կարմիրեանի դուստրն է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու տեսչութեան կրթական բաժնի պատասխանատու, լեզուաբան ու մանկավարժ Անի Կարմիրեան եւ կողակիցը գրականագէտ Մարկ Նշանեանի։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մահ՝ Արայ Կարմիրեանի