Jump to content

Արամ Վարժապետեան

Արամ Վարժապետեան
Ծնած է 1891
Ծննդավայր Պոլիս
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնիա
Կարողութիւն լուսանկարչական
Մասնագիտութիւն նկաջութիւն, գեղարուեստութիւն
Ամուսին Օրդ. Վրէժին Հասրաճեան
Երեխաներ մանչ զաւակ՝Վարուժան

Արամ Վարժապետեան, ծնած է Պոլիս 1891 թուականին։ Նախնական ուսումը ստացած Պէյրութի Սբ. Նշան վարժարանը եւ յետոյ յաճախած Յիսուսեաններու Համալսարանը Պէյրութ, կանուխէն ի յայտ կը բերէ նկարչական ու գեղարուեստական տաղանդ մը զօր յետոյ կը զարգացնէ մասնաւոր դասընթացքներով եւ ինքնաշխատութեամբ։ Ունի բազմաթիւ իւղանկար թապլօներ, որոնք ճշգրտօրէն կը ներկայացնեն Լիբանան, որովհետեւ իր բուն միչավայրը եղած է Լիբանան, հոն ապրած եւ անոր գեղատեսլի բնակարաններէն ներշնչուած։

Արամ Վարժապետեան նաեւ կարող լուսանկարիչ է, մասնակցած է Փարիզի 1931 թուականի ցուցահանդէսին որպէս լուսանկարիչ, եւ վարձատրուած՝ պատւոյ վկայականով եւ Կրան ՄՈւտիւլ (Ա.Կարգ) շքանշանով, 1932 թուականին նմանապէս մասնակցած է Փարիզի լուսանկարչական ցուցահանդէսին եւ ստացած՝ Ա. կարգի նշան։ Իր մասնակցութիւնը բերած է 1934 թուականի Զուիցերիոյ, 1935 թուականի Պելճիքայի ու զանազան եւրոպական նկարչական եւ լուսանկարչական ցուցահանդէսներուն, միշտ արժանանալով բացառիկ վարձատրութեանց։ Ամուսնացած Օր. Վրէժին Հասրաճեանի հետ։ Ունի մանչ զաւակ մը՝ Վարուժան[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 553։