Jump to content

Արագ Սնունդ

Արագ սնունդի ամէնէն նշանաւոր 3-ը:

Արագ սնունդ կամ Ֆասթֆուտ (անգլ.՝ fast food, [ˈfɑst food]), հասկացողութիւն, որ կ'ընդգրկէ յատուկ մասնագիտացուած հաստատութիւններու մէջ արագ պատրաստուող կերակրատեսակներու ընդունումը։ «Ֆասաթֆուտ» բառը նեղ իմաստով կը նշանակէ այնպիսի սնունդ, որ կարելի է արագ պատրաստել, իսկ 3աճախորդին արագ ձեւով հասցնել։ «Ֆասթֆուտ» բառը անգլերէնով գոյութիւն ունի Merriam-Webster բառարանին մէջ[1]։

Արագ սնունդի ռեստորան «Հեսպուրկըր», Յուրմալա, Լաթվիա

Արագ սնունդի պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Subway ռեստորան Սանկտ Փեթերպուրկի մէջ: Subway-ն արագ սպասարկման ամէնէն մեծ ցանցն է աշխարհի մէջ:
ՄաքՏոնալտս. նախապէս արագ սնունդի ամէնէն խոշոր ցանցն էր աշխարհի մէջ:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու խոհանոցներուն մէջ գոյութիւն ունին արագ պատրաստման ճաշատեսակներ (օրինակ՝ իտալական բիցցա1921 թուականին Քանզասի մէջ բացուեցաւ White Castle ընկերութիւնը, որու ֆիրմային ուտեստն այն ժամանակ դեռեւս արտասովոր համպըրկրներն էին։ Կայուն գինը (ընդհուպ մինչեւ 1946 թուականը 5 սենթ էր) եւ արտասովոր ըլլալը կը գրաւէր գնորդները, իսկ մթերքի անվտանգութեան մասին կասկածները ցրուեցան ընկերութեան սեփականատիրոջ՝ Պիլլի Ինկրամի խորամանկ քայլի շնորհիւ (երբ յատուկ վարձուած սպիտակ խալաթներով մարդիկ տպաւորութիւն կը ստեղծէին, որ նոյնիսկ բժիշկները համպըրկր կը գնեն)։ 1940-ական թուականներու վերջը White Castle ընկերութեան համար մրցակիցներ յայտնուեցան, որոնցմէ ամէնէն լուրջը դարձաւ «ՄաքՏոնալտս»-ը։

Հոնկոնգեան չխաչխանտխենները ասիական արագ սպասարկման ռեստորաններու տարատեսակ են, որոնք առաջ եկած են 1950-ական թուականներուն։ Այս հաստատութիւններուն մէջ կը մատուցեն ճաշատեսակներ, որոնք կը պարունակեն չինական եւ եւրոպական գիծեր, մասնաւորապէս՝ յուանեան (թէյի, սուրճի եւ խտացած կաթի խառնուրդ), արագ պատրաստուող արիշտայով եւ խոզապուխտով ապուր, ինչպէս նաեւ սանտուիչնեու բազմապիսի տեսակներ[2]։

ՄաքՏոնալտս ցանցի զարգացումը նոյնպէս ցոյց կը տայ արագ սնունդի տարածումը. 1956 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կար ՄաքՏոնալտսի 14 ռեստորան, 1960 թուականին՝ 228, 1968 թուականին՝ 1000, 1975 թուականին՝ 3076, 1980 թուականին՝ 6263, 1984 թուականին՝ 8300, 1990 թուականին՝ 11800: Այժմ ՄաքՏոնալտս ընկերութիւնը աշխարհի 119 երկիրներու մէջ ունի աւելի քան 30 հազար հաստատութիւն[3]։

Հանրաճանաչութեան պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ճաշատեսակներու առաւելութիւնը կը կայանայ պատրաստման ու օգտագործման արագութեան եւ աժանութեան մէջ (սովորական ռեստորաններու համեմատութեամբ, որոնք մատուցողներ ունին)։ Մէկ կողմէն՝ այդ իր արձագանգը կը գտնէ սպառողի մօտ (յատկապէս կեանքի յագեցած ռիթմ ունեցող խոշոր քաղաքներուն մէջ)։ Միւս կողմէ՝ այսպիսի սնունդը պարզ եւ խնայողական եղանակով կը պատրաստուի, ինչ որ արագ սնունդի ցանցերուն թոյլ կու տայ արագ զարգանալ։ Ոչ պակաս կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ նուաճողական գովազդը տարբեր ԶԼՄ-ներուն մէջ[4]։

Ազդեցութիւնն առողջութեան վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հուրգադայի կեդրոնը խինկալիի մատուցման հաստատութիւն

Ցանցային արագ սնունդի մէջ լայնօրէն կիրառուող կիսաֆաբրիկատները, ինչպէս եւ «գործարանային» արտադրութեան այլ ուտելիքը, կրնան պարունակել տարատեսակ սննդային յաւելումներ, որոնց մեծ մասը բացասաբար կ'ազդէ օրգանիզմի վիճակի եւ ինչպէս երեխաներուն, այնպէս ալ մեծահասակներուն առողջութեան վրայ։ Անոնց կարգին են ճարպաթթուներու դրանսիզոմերները։ Անոնց բաղադրութիւնը բաւականաչափ տարբեր է՝ կախուած մթերքէն։ Ըստ USDA-ի տուեալներուն՝ սովորական չիզպըրկրին մէջ կայ ընդամէնը 0,7 % դրանսճարպ[5]։ Սակայն կարկանդակիկներուն մէջ՝ սառեցուած վիճակով, անոնց բաժինը կը կազմէ 35 %, քանի որ անոնց մեծ մասը կը պատրաստուի հիտրոհանգուցային ճարպերու (մարկարիններու) կիրառմամբ։ Անոնք կը խախտեն մարդու դիմադրողականութիւնը, կը մեծցնեն շաքարային տիապեդի, քաղցկեղի զարգացման ռիսքը, կը նուազեցնեն դեսդոսդերոնի քանակը, կը խաթարեն բրոսդակլանտիններու (օրգանիզմի բազմաթիվ գործընթացներ կարգաւորող եւ բոլոր հիւսվածքներուն եւ օրգաններուն մէջ գտնուող) փոխանակումը, կը խաթարեն սիդոկրոմ ց-օքսիտազներու (գլխաւոր ֆերմենդը, որ անվտանգ կը դարձնէ կանսերոկենները եւ դեղօրայքային որոշ դոքսիններ) աշխատանքը։

Այն մարդոց մօտ, որոնք կանոնաւոր կերպով կը սնուին արագ սնունդով, կ'առաջանայ աւիդամինոզ։ Անգամ չնայած մարդու քաշի աւելացման՝ մարդուն չեն բաւականացներ օգտակար բաղադրիչները։ Ըստ անգլիացի գիտնականներու կողմէ 14 տարեկաններու ուսումնասիրութեան՝ տպագրուած BMJ-ի մէջ (№ 11, 1998)՝ ճարպաթթուներու դրանսիզոմերներ պարունակող մթերքի սիրահարներու մահացութիւնը սրտի իշեմիկ հիւանդութենէն եւ սրտամկանի ինֆարկտէւ շատ աւելի բարձր է, իսկ կաթնագեղձի քաղցկեղը կը պատահի 40 %-ով աւելի յաճախ[6].

Արագ պատրաստուող կերակրատեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://www.merriam-webster.com/dictionary/fast-food
  2. Beerman, Jason (2012 թ․ փետրվարի 20)։ «Cha chaan teng cheat sheet: What to order at the most popular eateries in Hong Kong» (անգլերեն)։ CNN Go։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հուլիսի 28 
  3. (հայերեն) Արագ սնունդ, 2024-08-15, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B1%D6%80%D5%A1%D5%A3_%D5%BD%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A4, վերցված է 2025-02-03 
  4. Фаст-фуд и здоровье
  5. Show Foods[permanent dead link]Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում
  6. Жвиташвили Ю. Б. Как происходит пищеварение // Рак и питание. — ЭЛБИ-СПб, 2010. — С. 124-125. — 368 с. — ISBN 978-5-93979-245-5