Աստղիկ Պօղոսեան

Աստղիկ Պօղոսեան

Աստղիկ Պօղոսեան (), Շանկհայի սիմֆոնիկ նուագախումբի գլխաւոր ջութակահար:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան: 16 տարեկանին, 2009 թուականին, աւարտած է երկրորդական վարժարանը եւ դիմած է ուսանողական փոխանակման ծրագրին (student exchange program), իր երաժշտական ուսումը արտասահմանեան երկիրի մը մէջ շարունակելու համար։

Դիմումնագիրը ընդունուած է Շանկհայի պետական երաժշտանոցին կողմէ։ Մեկնած է Չինաստան եւ ութ ամիսէն սորված է լեզուն։ Ներկայիս ան ոչ միայն նուագախումբի գլխաւոր ջութակահարն է, այլեւ ունի վարչական պատասխանատուութիւն՝ իբրեւ նախագահի օգնական[1]։

2014-ին ՀԲԸՄ-ի կողմէ հրաւիրուած է Նիւ Եորք, որպէսզի ղեկավարէ Միութեան տարեկան համերգը՝ նշանաւոր «Carnegie Hall»-ի մէջ։ Իսկ 2015-ի ամառը, դարձեալ ՀԲԸՄ-ի կողմէ, հրաւիրուած է Լոնտոն, որպէսզի կազմակերպէ Հայկական փառատօն մը[2]։

Անդրադառնալով Չինաստանի իր արհեստավարժ փորձառութեան՝ ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է.

Պէտք է շատ բաներ փորձես եւ դուրս գաս հանգստաւէտ վիճակէդ (comfort zone): Ես կը խորհիմ, որ աւելի լաւ է փորձել եւ զղջալ, քան երբեք չփորձել:

   

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «SHCMer | Armenian 'star' musician chases dreams in China»։ en.shcmusic.edu.cn (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-06-23 
  2. «ՕՏԱՐ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ՓԱՅԼՈՂ ՀԱՅԵՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-23