Jump to content

Առաքել (Մանրանկարիչ)

Առաքել
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է անհայտ[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն մանրանկարիչ

Առաքել (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), ԺԴ. դարու հայ մանրանկարիչ։ Ստեղծագործած է Սուրխաթի եւ Կաֆայի մէջ (Ղրիմ)։ 1347-ին եւ 1356-ին նկարազարդած է երկու Ճաշոց (Երուսաղէմի մատենադարան, ձեռ. թիւ 22, Երեւանի Մատենադարան, ձեռ. թիւ 7408)։ Անոր կը վերագրուին նաեւ 1360-ի՝ Կաֆայի մէջ ծաղկված Ճաշոցին եւ Կոքսուի մէջ (Կաւքսու) ընդօրինակուած ԺԴ. դարու ժողովածուին (Մատենադարան, թիւ 7741, թիւ 8029) մանրանկարները։ Առաքելին արուեստին բնորոշ է գոյներու արտասովոր ներդաշնակութիւնը, յատկապէս շեշտուած է մութ կապոյտի եւ մանիշակագոյնի համադրումը, որ ոսկեգոյնի ժլատ օգտագործմամբ անոր երանգապնակին հնչեղութիւն մը կու տայ։ Ան Ղրիմի այն լաւագոյն վարպետներէն է, որ շարունակած է հայ մանրանկարչութեան աւանդոյթները՝ մասնակիօրէն կիրարկելով նաեւ Ղրիմի մէջ հաստատուած այլ ժողովուրդներու գեղանկարչութեան նուաճումները։ Առաքելին արուեստը խորապէս ազգային է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  • Կորխմազեան Է․, Ղրիմի հայ մանրանկարիչ Առաքելը, «ԲՄ», 1962, թիւ 6։