Առաքել Ալթուն-Տիւրրի

Առաքել Ալթուն-Տիւրրի
Ծնած է 1840
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա
Մահացած է 1886
Մասնագիտութիւն Խմբագիր
Ծնողներ հայր՝ Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի

Առաքել Ալթուն-Տիւրրի (1840 - 1886), հայ խմբագիր։

Ծնած է Աղեքսանտրիոյ մէջ։ Առաքելի հայրը Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի մեծ դիրք ունէր Եգիպտոսի մէջ, իսկ երբ հայրը Պոլիս կը մեկնի, կը բնակի Խասգիւղ, ուր Առաքել կը յաճախէ ներսէսեան վարժարանը եւ կ՛ըլլայ ժամանակին ուսումնականներէն մին։ Կնքահայրը եղած է Եուսուֆեան Պօղոս պէյ։ Եղբայրը Յակոբ Ալթուն Տիւրրի մին էր Ասիական ընկերակցութեան հիմնադիրներէն։

Առաքել՝ տակաւին 20 տարեկան երիտասարդ հասակին, կը հիմնէ թատրոն մը Խասգիւղի մէջ։ Այն ատեն հրաման չըլլալով թատրոնի արտօնութիւնը առնել Փիլիպոս եւ Մկրտիչ Կէլկէլեան ամիրաները կը խոստանան Առաջին հայ թատրոնը կը բացուի, չեն ան կը շինուի եւ առաջին ներկայացումը կ'ըլլայ Երուանդ Առաջին թատերախաղը էքչեանի եւ Բ. Մալաքեանի առաջնորդութեամբ։ Ահագին բազմութիւն կը լեցուի թատրոնին մէջ եւ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ այդ առաջին թատրրոնը, որուն երաժշտագետը եղած էր Տիգրան Չուկաճեան (1858-9)։ Սակայն նոյն շաբաթը թատրոնի կը գոցեն քանի արտօնագիրը գազինօի համար էր։ Առաքել Ալթուն-Տիւրրի նաեւ Եւրոպա կը ճամբորդէ եւ գլխաւոր քաղաքները կը պտըտի տեսնելու գործեր։

Քաղաքական ժողովի անդամ էր, նաեւ եղած էր Ազգային Երեսփոխան, Միացեալ ընկերակցութեան հիմնադիր միացնելով կարգ մը ընկերութիւններ ինջպէս Կիլիկեան, Այրարատեան եւայլն։ Կը մահանայ 1886 թ.։