Ապարանի Այր Մարդոց Տարազներ
Արտաքին տեսք
Ապարանի այր մարդոց տարազներ, Ապարանի շրջանի տղամարդոց տարազը կը նմանէր միւս գաւառներուն, այն տարբերութեամբ, որ աղքատ դասակարգը շապիկի վրայէն կը հագնէր պլուզ վերնազգեստը, իսկ հարուստը՝ արխալուղ: Շալվար, անդրավարտիքի համար յարմար էին կապոյտ եւ սեւ գոյները: Արխալուղին վրայ կաշիէ գօտի կը կապէին: 19րդ դարէն սկսեալ աւելի գործածական էին արծաթէ գօտիները: Իբրեւ վերնհագուստ գործածուող չուխան ունէր բազմաթիւ տարբերակներ՝ պարզ, փոթաւոր եւ դարսերով: Ամուրի երիտասարդները չուխա չէին հագներ: Պսակի օրը չուխա հագնիլը պարտադիր էր:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայկական Տարազներու Պատկերագիրք», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 28։