Jump to content

Աշուղ Շահնազար

Աշուղ Շահնազար
Ծնած է 1875
Մահացած է 1915
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Աշուղ Շահնազար (Մարտիրոս Աշուղեան Պէյրութեանց), Հայ գրող։

Կովկասահայ մըն է: 45 տարու վաղեմի հնչակեան: Սահմանադրութեան հռչակումով Պոլիս գալով պահ մը ուսուցչութիւն կ'ընէ եւ կը հրատարակէ «Ձայն կրթութեան» մանկավարժական թերթը (2 թիւ): Անցնելով Երուսաղէմ կը պաշտօնավարէ ժառանգաւորած վարժարանին մէջ: Ապա կը մեկնի Եգիպտոս, դարձեալ կրթական պաշտօնով: Պոլիս դարձէն յետոյ կ'ուղեւորի գաւառ եւ քահանայ կը ձեռնադրուի Նալլու Խան: Աղէտի տարին իր հօտին հետ հոնկէ տեղահան կ'ըլլայ եւ կը նահատակուի: Կովկաս, Պոլիս եւ Եգիպտոս իր շրջած վայրերուն մէջ յաջորդաբար հրատարակած իր հեղինակութիւններն են՝ Մի Բաժակ Ջուր, Ո՞վքեր Են Մեր Հարստահարողները, Բախտաւոր Դէպի Մօր, Դեմոկրատիա, Հայ Հերոսի Արշաւանքը, Իտէալի Զոհը, Խորտակուած Սէրը, Սրտիս Վէրքերը, Տանջուածները, Կնոջ Մը Վրէժը, Մայրը, Կնոջ Մը Գաղտնիքը, Արիւնոտ Զատիկը, Խորտակուած Օջախը:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 75, Ա հատոր: