Jump to content

Աշոտ Գասարճեան

Աշոտ Գասարճեան (Ծնած Սիս 1893-ին): Տիգրան Գասարճեանի եղբայրը, Գրքիս պատրաստութեան առնչութեամբ ծանօթացայ այս պատուական հայուն որուն այժմու Պէյրութի Սիս Թաղի հայութիւնը շատ բան կը պարտի։ Սոյն թաղի Սբ. Սարգիս եկեղեցիին Շինութեան Յանձնախումբին գործունեայ անդամներէն է, որ մեծ զոհութեամբ աշխատած է որպէս ատենապետ։ իր բոլորանուար եւ անշահախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, այդ կողմերու հայութիւնը կունենայ եկեղեցի մը։ Միսաք Քէլէշեան այսպէս կը գրէ Աշոտ Գասարճեան-ի մասին իր «Սիս Մատեան»ի մէջ.-

Ծնած Սիս 1893-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած զանազան վարժարաններու մէջ եւ երկու տարի ալ Սէն Ժօզէֆ: Երտասարդութեան յարած Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ 1909-ին Կարսի-Պազարի մէջ մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան։ 1910-17 առեւտրական Մ. նահանգներու Օմահա քաղաքը ուր կամաւորագրուելով 1918-ին Մէրսին եւ 1919-ին Սիս. կը զբաղի ներգաղթողներու փոխադրութեան, տեղաւորմման եւ պարենաւորման գործով իբրեւեւ ներկայացուցիչ կառավարիչ Պրն. Թայյարտայի եւ Ազգային Միութեան։ Քեմալական Շարժման ատեն Հաճըն կը ղրկուի լեռնային Սիսուանի ինքնապաշտպանութեան գործին համար եւ անոնց հոն մնալուն հակառակ՝ յայտնեց թէ Ֆրանսացիք տրամադիր չեն զինուորական օգնութիւն հանցնելու[1]:

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 405։