Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծառը
Արտաքին տեսք
Ալերսէ Միլենարիօ Փաթականիի նոճի տեսակի ծառ մըն է, որ կը գտնուի Չիլիի մէջ: Կ'ենթադրուի, որ անիկա 5000 տարուան ծառ մըն է, եւ հետեւաբար` աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը:
Չիլիցի մասնագէտ մըն է, որ կ'ենթադրէ, թէ գտած է աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը: Ներկայի մրցանիշը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ շրջանի մէջ գտնուող 4853 տարեկան սոճի մը, ճանչցուած` Մաթուսալեմոն անունով:
Տաքթըր Ճոնաթան Պարիչիվիչ ծառին տարիքը հաշուելու տարբեր ձեւեր գործածած է ճշդելու համար Ալերսէ Միլենարիօ Փանթակոնիի նոճի ծառին տարիքը: Ան հասած է այն եզրակացութեան, որ Չիլիի մէջ գտնուող այս ծառը 5484 տարեկան է: Այս ձեւով ան կը դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն հին ծառը, որ 600 տարի աւելի «մեծ» է, քան` ներկայ տիտղոսը կրող ծառը[1]: