Անտառը (The Forest, խաղ)
«Անտառը» (անգլերէն՝ The Forest), համակարգչային խաղ, հրապարակուած է 30 Ապրիլ 2018-ին:
Խաղի նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ՝ թէեւ այդքան ալ անմարդաբնակ չէ, ուր խաղային կերպարը իր տղուն հետ կը յայտնուի օդանաւային արկածի մը պատճառով: Սակայն կարմիր մարդ մը տղան կը տանի: Հօր փնտռտուքները կը զարգանան բաւական հետաքրքրական եւ լարուած բեմագրութեամբ եւ դիպաշարով:
Կղզիին մէջ ողջ մնալու համար կը գործածուին բնական միջոցները:
Խաղացողը կը զբաղի որսորդութեամբ, կը ստեղծէ ապրելու համար պայմաններ, ուստի՝ ձեր կերպարին բարեկեցութիւնը կախուած է ձեզմէ:
Սակայն ամէն բան այդքան ալ պարզ չէ: Անմարդաբնակ կղզիին մէջ գործած է տարրալուծարան, ուր արարածներ ստեղծուած են: Եւ հաւանական են յարձակումներ անոնց կողմէ: Ուրեմն կը հասկնաք, որ կացինը, բացի ծառ կտրելէ, նաեւ գործ պիտի կատարէ:
Խաղը կարելի է նաեւ խաղալ ընկերներու հետ: Միասին անցնիլ փորձութիւններու մէջէն, հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ ինչպէ՛ս գոյատեւման պայքար պէտք է մղել: Ատիկա կրնայ ապահովել ուրախ եւ հետաքրքրական ժամանց:
«Անտառ»ը կը ստանայ բաւական լաւ արձագանգներ՝ խաղացողներու կողմէ:
Սթիմ-ի մէջ անոնց կատարած արձանագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ խաղը ուղղակի աննկարագրելի զգացումներ կու տայ:
Պատումի զարգացումէն պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հայրը կը գտնէ՞ իր տղան, թէ՞ ոչ: «Անտառը» (The Forest) իր տեսակին մէջ ամենէն լաւերէն մէկն է[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-05-08