Jump to content

Աննա Մայրիկ

Աննա Մայրիկ
Ծնած է 1847
Մահացած է 1915

Աննա Մայրիկ (1847 - 1915), Յեղափոխական գործիչ եւ հայուհի մը որ կը նուիրէ իր կեանքը ժողովուրդին ծառայելու։

Աննա Մայրիկը ծնած է 1847-ին խուլբի շրջանի Ահրոնք գիւղը՝ այդ ատենուան մտաւորական կեդրոն մը։ Աննա Ահրոնքի իշխաններէն Խչէենց տան միակ աղջիկն էր եւ իր ազգական էր յեղափոխական դէմքերէն Հրայր Դժոխք։ 1865-ին ամուսնացաւ Մանկոյենց իշխանական տան Ղազարին հետ։ Աննային գիւղապետ՝ Իշխան Գրգոն դաւադաբար սպաննուեցաւ քիւրտ Միրզա աղայի կողմէ։ Գիւղին բնակչութիւնը հաւաքուած էր եկեղեցիին առջեւ, երբ Աննա անցաւ գլխուն լաչակը հանելով իշխաններուն կը յանձնարարէ որ Գրգոյի վրէժը լուծէն։ Երիտասարդները «շաշխան» հրացաններով, բահ ու բրիչով զինուեցան։ Ահրոնքցիներուն վրէժին զոհ չդառնալու համար, քիւրտը արդէն փախած էր։ Կատղած Ահրոնքցիները անոր հսկայ շէնքը՝ մէկ ժամէն քանդեցին։ Ահրոնքցիներուն ըմբոստութեան շնորհիւ, շրջանի հայ գիւղերը ազատեցան Միրզա Աղային բռնապետութենէն։ Հետագային, Ահրոնքցիներուն օրինակով, այլ շրջաններ ալ քիւրտ աշիրէթապետերուն ախորժակները սանձէին։

Իշխան Գրգոյի մահէն ետք, Մանկոյենց տունն էր գիւղին առաջաւորը եւ ամենահարուստը։ Երբ Միացեալ Ընկերութիւնը Տալւորիկի եւ Խուլբի շրջաններուն համար Ահրոնքի մէջ դպրոց բացաւ, Աննա Մայրիկը իր վրայ առաւ ուսուցչուհիները եւ դուրսէն եկած աշակերտները տեղաւորելու գործը եւ գիւղացի կիները կազմակերպեց՝ անոնց կարիքները հոգալու համար։

Աննա Մայրիկը գիւղին մէջ տեղի ունեցող բոլոր կուսակցական (ՀՅԴ) կարեւոր ժողովներուն կը մասնակցէր եւ իր կարծիքը կը յայտնէր։ 1889-1890 թուականներուն Համիտէի գունդեր կազմուեցան եւ կառավարութիւնր սկսաւ քիւրտերը զինել։ Այս առթիւ Ահրոնքի մէջ խորհրդակցելու հաւաքուեցան Միհրան Տամատեան, Մշոյ Ս. Կարապետ Վանքի Վանահայր՝ Վարդան Վարդապետ, Հրայր Դժոխք եւ Սասնոյ Իշխանները։ Աննա Մայրիկ ժողովին թելադրեց մէջտեղէն վերցնել քիւրտերու պարագլուխները, որպէսզի թշնամին առանց ղեկավարութեան մնայ։

1887-1890-ին լարուած վիճակ մը կը տիրէր Հայութեան եւ քիւրտերուն միջեւ։ Աննա Մայրիկի ցուցմունքով զինուելու պատրաստութիւն տեսնուեցան. կապար եւ վառօդ կեդրոնացուցին Ահրոնքի մէջ եւ ապա ուղարկեցին ուրիշ շրջաններ։ Փոխադրողները միաժամանակ սուրհանդակի դեր կը կատարէին։ Իսկ եթէ որեւէ գործի համար նիւթական կարիք կը ստեղծուէր, Աննա Մայրիկը անմիջապէս պէտք եղածը կը հոգար։

1891 թուականին Սասունի մէջ սկսան Հայ-Քրտական կռիւները՝ այդ երկու ժողովուրդներուն իրաւունքի սահմանները ճշդելու համար։ Սասունցիներուն ընդհանուր հրամանատարն էր Շենիկի Իշխան Գրգոն եւ կռիւներուն մէջ մեծ դերակատարութիւն կը խաղայ Հրայր Դժոխքն ու Աննա Մայրիկը։ Գիւղի երիտասարդները վառօդ կը ծէծէին եւ շալակաւորները պաշարը կը հասցնէին Իշխան Գրգոյին։ Աննա Մայրիկ ալ աշխատանքները կը կառավարէր, կը կերակրէր աշխատաւորները եւ շալակաւորներուն հետ տեղեկութիւններ կը հասցնէր Անտոքի պաշտպաններուն՝ աշիրէթական շարժումներու մասին։ Սասունցիներուն յաջողութիւնները կորով ներշնչեցին բոլորին։ 1892-ին Գէորգ Չաւուշ միացաւ Իշխան Գրգոյին։ Իսկ, Աննա Մայրիկի քաջալերանքով, կիներու խումբեր իրենց մասնակցութիւնը բերին կռիւներուն բարձրունքներէն ժայռեր գլորելով եւ իրենց ծանրութեան տակ ճզմելով թշնամի բազմութիւնը, որ դէպի վերերը կը մագլցէր։

1894-ին, երբ Թուրք կանոնաւոր զօրքը եւ քիւրտ աշիրէթները միասնաբար յարձակեցան Սասունցիներուն վրայ, ժողովուրդը առանձինն կռուելով պարտուեցաւ եւ ժողովրդական ուժերու ղեկավար Իշխան Գրգոն սպաննուեցաւ, իսկ Հրայր Դժոխք ձերբակալուեցաւ։ Աննա Մայրիկ, խուլբի հայ գիւղերուն մէջ տեղաւորեց նահանջող ուժերը, հալածական ընտանիքներն ու որբերը եւ այդ ձմեռ ինք հոգաց անոնց կարիքները։ Այս թուականներու դէպքերու ընթացքին ահրոնքցիները լուր առին, թէ զինուած քիւրտերու խումբ մը Ահրոնքէն պիտի անցնէր եւ ճաշի պիտի մնար։ Աննա Մայրիկ կարգադրեց որ գիւղը ամբողջովին դատարկուի եւ ժողովուրդը լեռ ապաստանի։ Գիւղին մէջ ինք եւ իրեն օգնական 20 կիներ մնացին միայն։ Հիւրասիրութեան պատշաճ պատրաստութիւնները տեսնելէ ետք, երբ զինեալ քիւրտերու խումբը հասաւ, առանձինն, առանց երբեք ընկրկելու, Մայրիկը դիմաւորեց զանոնք։ Ճաշէն ետք, երբ զինուորներէն մէկը թանի պղինձէ թասը կը փորձէր գողնալ, Աննա օձիքէն բռնէ։ Երբ քիւրտը գողութիւնե կ՚ուռանայ ան ապտակ կը զառնէ եւ աշիրէթապետին խիստ դատողութեան կը յանձնէ։

Աննա Մայրիկ իր վեց որդիները կը դաստիարակէր ազգային իտէալներով, որոնց ամէնէն նուիրականը հայրենիքի ազատութիւնն էր։ Իր երկրորդ տղան՝ Գալուստը դեռ 19 տարեկանին՝ յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած Ահրոնքի խմբապետն ու շրջանին ազատ գործիչն էր։ Իսկ վաստակաւոր Դաշնակցական յեղափոխական, հասարակական գործիչ Կարօ Սասունի իր կրտսեր զաւակն էր։ 1900-ին ամուսինին մահէն ետք, Աննա Մայրիկ կարգադրեց, որ Անդրանիկ տղան՝ Աբրահամը գիւղապետ ըլլայ, Գալուստը յեղափոխական գործերով զբաղի, երրորդ տղան՝ Գէորգը ուսուցչութիւն ընէ Ահրոնքի մէջ, իսկ երեք կրտսերները Պոլիս երթան ուսանելու։

1904-ի ապտամբութեան ձախողութենէն ետք, Գալուստ կը բանտարկուի։ Շրջանի ղեկավար դարձաւ Աննա Մայրիկ եւ տղուն վրէժը լուծեց։ Իր հրահանգով Ահրոնքի սահմաններուն մօտեցող թշնամին կ՚իյնար եւ շրջակայ հայ գիւղերը կը մնային անձեռնմխելի։ Ան կազմակերպեց նաեւ շրջանի կիները, մանաւանդ որ այր մարդոց մեծամասնութիւնը կամ բանտարկուած, կամ լեռները ապաստանած էին, իսկ գործելու պարագային՝ անմիջապէս կասկած կ՚արթնցնէին։ Ան շատ յաճախ բողոքի կ՚երթար կառավարական կեդրոն պաշտօնեայի մը դէմ բողոքելու։

1908-ի, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Գալուստ բանտէն ազատեցաւ։ Աննա Մայրիկ սահմանադրութենէն ետք, ոչ միայն շարունակեց իրենց շրջանները զինելու գործը՛ այլեւ տնտեսութիւնը քանդուած գիւղացիներուն նիւթապէս օգնեց։

1911-ին Աննա Մայրիկը Երուսաղէմ ուխտի գնաց, յետոյ ալ Պոլիս անցաւ ուր իր երկու կրտսեր որդիները ուսանող էին։ Հոն շատ հիասթափուած մնաց որովհետեւ տեսաւ որ ժողովուրդին մասին մտածող չկար։ Վերադառձաւ Ահրոնք եւ հոն նուիրուեցաւ արդէն ուսուցիչներու սերունդ մե տուած դպրոցին, ուր 15 թոռներ կը հաշուէր։ Ան շատ հպարտ էր իր որդիին Գալուստի կատարած կազմակերպչական աշխատանքներով։

1915-ին թուրք կառավարութիւնը որոշեց շրջաններու ղեկավարները դաւադրութեամբ մէջտեղէն վերցնել՝ ժողովուրդը անգլուխ ձգելու համար, իր որդիներուն խորհուրդ տուաւ իր երեք զաւակներուն՝ Աբրահամին, Գալուստին, Գէորգին, որ լեռ բարձրանան։ Սակայն իշխանները չուզեցին կռիւի տեղի տալ։ Արդէն կուսակցական հրահանգ ալ կար, որ ոչ ոք կռիւի նախաձեռնութիւն ստանձնէ։ Կարծողներ ալ կային որ դրամով կարելի է հարցը կարգադրել։ Երեք զաւակները յանձնուեցաւ եւ զինուորներուն հետ ճամբայ ըլան դէպի Փասուր, իսկ Աննա Մայրիկ ծրար մը ոսկի առնելով անոնց հետեւեցաւ։ երբ զաւակները բանտ նետուեցան, Մայրիկը գայմագամին ներկայացաւ եւ դրամական երաշխաւորութեան փոխարէն՝ խնդրեց որ ազատ արձակուին։ Թուրքը կոպտօրէն պատասխանեց, իսկ Աննա Մայրիկ սպառնաց որ երեք տղայ եւս ունի, որոնք իրենց վրէժը պիտի լուծեն։ Հայ կնոջ համարձակութենէն ջղայնացած եւ անոր շարժումներէն կասկածելով, թուրքը զայն խուզարկել տուաւ եւ երբ գօտիին ծալքերէն ատրճանակ մը գտան, իբրեւ ոճրագործ բանտարկեցին։

Հաւանական յարձակումէ մը վախնալով, շղթայակամ Աննա Մայրիկ եւ երեք զաւակները դէպի Կէնճ ճամբայ հանեցին՝ այնտեղէն ալ Մուշ ղրկելու համար։ Ճամբան Գալուստն ու Գէորգը փորձեցին փախչիլ, բայց զինուորներուն համազարկին բռնուելով նահատակուեցան։ Մուշ հասնելուն, զիրենք խառնեցին շրջանի կալանաւորուած յայտնի դէմքերուն։ Այսպէսով Աննա Մայրիկ եւ Վարդան Վարդապետ դարձեալ հանդիպեցան։ Մայրիկը վարդապետին դառնօրէն յիշեցուց իր քարոզած խոհեմութեան արդիւնքներուն մասին, մինչ անզօր Վարդապետը ընկճուած ու շշմած էր ժողովուրդի ճակատագրին համար։ Բանտարկեալները ճամբայ հանեցին դէպի Պիթլիս։ Բերդակ տանող ճամբուն վրայ, ձորի մը մէջ ճիւաղային ձեռքեր քարիւղ թափեցին անոնց վրայ եւ կրակի տուին։

  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան