Jump to content

Անհեթեթի թատրոնը

Անհեթեթի թատրոնը, 1950-ական թուականներուն Փարիզի մէջ ստեղծուած երեւոյթ մըն է, այնուհետեւ տարածուած է Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1950-1960ական թուականներու թատրոնի յառաջադէմ ուղղութիւններէն մէկը եղած է, որ Բ. Աշխարհամարտի պատճառած մեծ ցնցումէն ծնունդ առած է[1]։ Անհեթեթի թատրոնի հիմնադիր անդամներն են՝ Սամուէլ Պեքեթ (իրլանտացի)[2], Էժեն Իոնեսքօ (ռումանացի) եւ Արթիւր Ադամովը (հայ):

Անհեթեթի թատրերգութիւնը ստեղծուած է յետպատերազմեան տարիներուն, որ եղած է կեանքի ու իրականութեան հայելացումը: Այդ թատրերգութիւնը անհատը ներկայացուցած է իբրեւ կատարեալ մինակութիւնը իր մէջ ամփոփող երեւոյթ, որ չէ հասկցուած եւ ոչինչ ունի առնելիք ոճիրներով, յանցագործութիւններով լեցուն աշխարհէն:

Գլխաւոր արժանիքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատրոնին գլխաւոր արժանիքը այն եղած է, որ ան աշխարհի անհեթեթութիւններու խոցերուն կողքէն անտարբեր չէ անցած եւ կարողացած է անհանգստացնել եւ լրջօրէն մտահոգել մարդիկը․ աշխատած է ցոյց տալ իրական աշխարհը[3]։

Հայ իրականութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ թատերագիտութիւնը յարաբերաբար բաւական ուշ զբաղած է անհեթեթի թատրոնով` 80-ականներու սկիզբները: Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Պերճ Թիւրապեան, «Գարուն» ամսագիրի մարտ 1983-ի 195-րդ թիւին մէջ գրած է «Աբսուրդի թատրոնը» խորագիրով ուսումնասիրութիւնը, նաեւ թարգմանելով Սամուէլ Պեքեթի «Վերջին ժապաւէնը» թատերախաղը` նախապատուութիւնը չտալով Արթիւր Ադամովի գործերէն մէկուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]