Jump to content

Անթոնով Ան-225 Մրիա (Օդանաւ)

Անթոնով Ան-225 Մրիան, կը համարուի աշխարհի մեծագոյն օդանաւը[1]:

Անիկա ապրանքատար օդանաւ մըն է:

Օդանաւին երկարութիւնը 84 մեթր է մինչ երկու թեւերուն երկարութիւնը կը հասնի աւելի քան 88 մեթրի:

Պարապ վիճակի մէջ անիկա կը կշռէ 250 թոն:

Անիկա աշխարհի ամէնէն երկար եւ ամէնէն ծանր օդանաւն է: Անոր ահռելի ծանրութիւնը բաժնուած է 32 անիւներու վրայ:

Այս հսկայական օդանաւը կրնայ փոխադրել շատ ծանր եւ շատ մեծ ապրանքներ` երկար հեռաւորութիւններու վրայ:

Անիկա շինուած է Ուքրանիոյ մէջ, 1988-ին[2]:

Այս օդանաւը տակաւին կը պահէ աշխարհի մէջ նման միակ օդանաւի մրցանիշը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]