Jump to content

Անդրանիկ Սարեան

Անդրանիկ Սարեան
Ծննդավայր Սինաքան
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ

Անդրանիկ Սարեան, ծնած է Իրանի Չարմահալ գաւառի Սինագան գիւղը:

Միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանին մէջ։ 1935-ին վերադառնալով Պարսկաստան, գործ ձեռնարկած է Իրանի նաւթարդիւնաբերական ընկերութեան մէջ։

Ա. Սարեան կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը եւ կը լծուի հանրային հասարակական բեղուն գործունէութեան։ Իր երկարատեւ ծառայութեան վերջին եօթը տարիներուն եղած է վարիչ խմբագիրը նոյն ընկերութեան «Կերոն» (Մաշալ) անգլերէն շաբաթաթերթին Ապատանի մէջ, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը 1968-ին։ Աշխատակցած է «Անի», «Շիրակ»,«Նաւասարդ» ամսագրերուն, «Ալիք» օրաթերթին, «Նայիրի», «Նոր կեանք», «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթերթերուն եւ « Նոր Օր» եռորեային։ Տասնեակ տարիներու ընթանցքին զբաղած է հրապարակագրութեամբ եւ գրաքննադատութեամբ։

Ունեցած է բեմական բեղուն գործունէութիւն, որով 1985-ի Փետրուարին, Հայ Մշակութային Արարատ կազմակերպութեան կողմէ պարգեւատրուած է մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին։ Արժանացած է առաջին մրցանակի՝ Հայկաշէն Ուզունեան եւ ֆրանսահայ Գրողներու Էլիզ Գավուքճեան-Այվազեան գրական մրցանքներուն, իր պատմուածքներու զոյգ հատորներուն համար։ Նոյնպէս եղած է մրցանակաւորը Ներսէս Շնորհալի Գրական ֆոնտին, իր «Անլոյս Քառուղիներուն մէջ» անուամբ հատորին համար։ Եղած է նաեւ առաջին մրցանակաւորը Բաբգէն եւ Անահիտ Խանճեան գրական մասնաւոր յատկացումի, 1986-ին, « Նաւասարդ» ամսագրի մէջ լոյս տեսած լաւագոյն նորավիպագրութեան համար։

Ցարդ հրատարակուած գործերն են.

Պատմութիւն Չարմահալ Գաւառի, ստուարածաւալ պատմագրական աշխատասիրութիւնը(1891),

Պատմուածքներ, Ա. եւ Բ. հատոր (1986),

Հայկական վագրը, վէպ (Պէյրութ, 1986):

Ունի հրատարակութեան պատրաստ ութը հատորներ։ Եղած է Իրանի Հայ Ժողովրդական թատրոն ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներէն։ Ա. Սարեան տաղանդաւոր նորավիպագիր մըն է։ Հաճելի եւ առինքնող է իր ոճը։ Գիտէ ճարտարօրէն համեմել եւ շահեկան դարձնել իր նիւթերը, նորանոր յղացումներով։ Յաջողած վէպ մըն է «Հայկական Վագրը», որով հեղինակը նորութիւն մը կը բերէ վիպագրութեան սեռին մէջ, ներմուծելով հայ կռփամարտիկի տիպարը։ Վարպետութեամբ կը կատարուի դէպքերու շարայարումը, միշտ լարուած ուշադրութեան մէջ պահելով ընթերցողը։ Հեղինակը վարպետ դարձուածքով մը համակրելի կը դարձնէ օտար հերոսուհին, ընդգծելով անոր դէպի հայկականութիւն ընթանալու գաղափարական ձգտումները[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։