Jump to content

Անդրանիկ Ալթունեան


Անդրանիկ Ալթունեան (Անդրէաս), Խմբագիր, ծնած Կ․Պոլիս 9 Դեկտեկպեր 1869-ին հայ կաթողիկէ ծնողքէ: Հնագէտ (antiquaire) միանգամայն հնարիչ եւ արտօնատէր հին թրքատառ գրի մեքենայի:

Աշակերա Քաղկեդոնի (Մուրատ-Ռափայէլեան) վարժարանի 1882—7. Հ․Ա․ճարեանի տեսչութեան օրով շրջանաւարտ:

Նախկին ազգային եռեսփոխան Պոլսոյ Հայ-Կաթողիկէ պատրիարքարանի: Ալթունեան Անդրանիկ Սահմանադրութենէն ետք (1908) Պոլիս կազմուած (յետոյ Փարիզ փոխադրուած) Մուրատ-Ռափայէլեան նախկին Աշակերտաց Միութեան ատենապետն էր ներկայիս Փարիզ կ՜ապրի եւ կը վարէ խմբագրութիւնը յիշեալ Միութեան պաշտօնաթերթ Տեղեկատու-ի: