Jump to content

Անատոլի Լ. Եակոբսոն

Անատոլի Լ. Եակոբսոն
Ծնած է 22 Օգոստոս 1906(1906-08-22)
Ծննդավայր Լուգա, Սուրբ Փեթըրսպուրկի մարզպետութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Օգոստոս 1984(1984-08-03) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Լենինկրատ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Սան ­Փե­թերս­պուր­կի Համալսարան
Մասնագիտութիւն հնաբան, արուեստագէտ, պատմաբան
Աշխատավայր Ռուսիոյ Գիտութեանց Ակադեմիան Հնաբանութեան Ինսդիթիւտ

Անատոլի Լ. Եակոբեան (22 Օգոստոս 1906(1906-08-22), Լուգա, Սուրբ Փեթըրսպուրկի մարզպետութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 3 Օգոստոս 1984(1984-08-03), Լենինկրատ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[1]):

Մոսկուայի մէջ՝ 1922-ին միջնակարգ ուսումը աւարտելէ ետք, մուտք կը գործէ Մոսկուայի Առաջին Պետական Համալսարանի Ֆիզիքա-մաթեմաթիկական բաժանմունքը, ուրկէ կը տեղափոխուի Լենինկրատ, եւ իր ուսումը կը շարունակէ տեղի համալսարանի Լեզուագիտութեան ու Նիւթական Մշակոյթի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ, որուն ընթացքը կ'աւարտէ 1929-ին: Տակաւին ուսանող՝ 1925-1927 թուականներուն, ան կը մասնակցի Հին Ղրիմի, Սուդակի եւ Խերսոնեսի մէջ գործող հնագիտական արշաւախումբի աշխատանքներուն: Ն. Մառի եւ Յ. Օրբելիի գիտական դպրոցին մէջ սնած երիտասարդ գիտնականը կը սկսի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի նիւթական մշակոյթին հանդէպ: 1929-ին Յ. Օրբելիի գլխաւորած արշաւախումբին հետ՝ առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնի Հայաստան, իսկ 1936-ին, անոր ղեկավարութեամբ կը մասնակցի Ամբերդի պեղումներուն:

1930 թուականէն սկսած Ա. Եակոբսոն պաշտօնի կը կոչուի ՍՍՀՄ Գիտական Ակադեմիայի Նիւթական Մշակոյթի Պատմութեան Ինստիտուտին մէջ եւ ուր, կը շարունակէ գիտական գործունէութիւնը միչեւ իր վերջին օրերը՝ աշխատակիցի, կրտսեր եւ ապա աւագ գիտաշխատողի պաշտօններով:

1941-ին Ա. Եակոբսոն կը ստանայ Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածու աստիճանը: Ապա՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի օրերուն, կը մասնացի Լենինկրատի պաշտպանութեան մարտերուն: 1942-ին կը տեղափոխուի Իվանովա, ուր ապաքինման շրջան մը բոլորելէ ետք կ'անցնի Մոսկուա, ուր մինչեւ 1945 կը շարունակէ աշխատիլ իր պաշտօնավարած հիմնարկի տեղի կեդրոնին մէջ: Նոյն թուականին կը վերադառնայ Լենինկրատ՝ իր պաշտօնին: 1946-1948 թուականներուն՝ Հայաստանի մէջ կ'ուսումնասիրէ ու կը չափագրէ շարք մը հայկական ճարտարապետական կոթողներ, ինչպէս՝ Տաթեւ, Խորակերտ, Գանձասար: 1961-ին, պաշտպանելէ ետք «Միջնադարեան Խերսոնես» խորագրուած իր աւարտաճառը, կ'արժանանայ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր Աստիճանին:

Հայաստանի ճարտարապետութեան հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութիւնը կը մղէ զինք յաջորդական աշխատասիրութիւններով խոր ուսումնասիրութեան ենթարկել հայկական արուեստի ու ճարտարապետութեան բնոյթն ու նկարագիրը, անոնց անցած ճանապարհը, ինչպէս եւ ունեցած առնչութունները հարեւան երկիրներու արուեստներուն ու ճարտարապետութեան հետ:

Ա. Եակոբսոն արժանացած է «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ» շքանշանին, իսկ 1981-ին, ծննդեան 75-ամեակին առիթով, Հայկական ՍՍՀ Գերագոյն Սովետի Պատուոգրին:

Ա. Եակոբսոնի, յատկապէս հայկական ճարտարապետութեան հայող աշխատասիրութիւններէն յիշենք՝ ԱԿՆԱՐԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 5-18 ԴԴ. Ճարտարապետութեան (1950), ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԿԱՊԵՐ (1970), ՊԱԼՔԱՆՆԵՐՈՒ, ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ, ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՍԻԱՅԻ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱՉԱՓԱԿԱՆ ՄԻ ՔԱՆԻ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1970), ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԲԻՒԶԱՆԴԻԱՅԻ ՎԱՂ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1973), ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱ. ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (1975), ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՂՈՒԱՆՔԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԲՐՈՊԼԵՄՆԵՐԸ (1983) աշխատասիրութիւնները:

Բոլոր աշխատասիրութիւնները լոյս տեսած են ռուսերէնով, Լենինկրատի, եւ կամ՝ Մոսկուա- Լենինկրատի մէջ:

Ա. Լէոբոլտովիչ Եակոբսոն կը մահանայ 1984-ին, Լենինկրատ:

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1982-1984, էջ (392-393-394)
  1. 1,0 1,1 1,2 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ